Չորեքշաբթի, 22. 01. 2025

spot_img

«Նոր Ջուղայի 17-18-րդ Դարերու 12.000-է Աւելի Տապանաքարերը Հարուստ Տեղեկութիւն Են». Սամուէլ Կարապետեան

Յուշարձանագէտ Սամուէլ Կարապետեանը ՀՀ քաղաքաշինութեան նախարարութեան Ճարտարապետութեան ազգային թանգարան-հիմնարկին մէջ, «Նոր Ջուղա» խորագիրը կրող գիտաժողովին ներկայացուցած է «Տեղանունները Նոր Ջուղայի տապանագրերում» թեման: Այս մասին կը հաղորդէ Tert.am-ը։

Ըստ յուշարձանագէտին տապանագրութիւնները հարուստ տեղեկագրութիւն ունին. Նոր Ջուղայի հին գերեզմանատան 17-18-րդ դարերու տապանաքարերու թիւը աւելի է քան 12.000-ը։

Սամուէլ Կարապետեանի խօսքով՝ գաղթականներու պարագային տապանաքարերուն վրայի գրառումները կարելի է բաժնել երկու խումբի. տեղանուններ, ուր նշուած են ծննդավայրերը, այսինքն հանգուցեալներու Հայրենիքի մէջ ծնած ըլլալը եւ տեղանուններ, որոնք արդէն մաս կը կազմեն գաղթավայրերու պատմութեան:

«Այս ցոյց կու տայ, որ Նոր Ջուղան միջգաղթավայրային  պատմութիւն ունեցած է, որ օրինակ տարբեր երկրներու` Անատոլիայէն մինչեւ Հնդկաստան, մինչեւ Միջագետք տարբեր վայրերու մէջ ծնած  հայեր, ի վերջոյ ամփոփուած են Նոր Ջուղայի գերեզմանոցին մէջ: Այս կը նշանակէ, որ անոնք իրենց  կեանքի ընթացքին, իրենց գործունէութեան բերումով կապուած են Նոր Ջուղայի հետ», ըսած է  Սամուէլ Կարապետեան:

Յուշարձանագէտը խօսած է տեղանուններու մասին եւ նշած. «Ասոնց մէջ առաւել արժէքաւորը այն տեղանուններն են, որոնք արձանագրուած են տապանագրերու առաջին սերունդի հանգուցեալներու շիրմաքարերուն վրայ, որովհետեւ անոնք 1604-1605 թուականներուն բռնագաղթի ժամանակ հանգրուան գտան Նոր Ջուղայի մէջ եւ հիմնեցին Նոր Ջուղան»։ Անոր խօսքով ամէն 100 տապանաքարէն երկու-երեքին վրայ արձանագրուած է տեղանունը:

«Նոր Ջուղայի մեծ գերեզմանատան մէջ 17-18-րդ դարերու մօտ 12.000-է աւելի տապանաքարեր կան, որոնց մէջ 250 տապանաքարեր տեղանուն կը պարունակեն: Այսինքն մեր նախնիներու հանգուցեալներուն հարազատները շատ կարեւոր չեն համարած, թէ տուեալ անձը ուրտեղէն եղած է», աւելցուցած է յուշարձանագէտը:

Թէ ինչ եզրակացութիւններու կը յանգին Կարապետեանը ըսած է, որ օրինակ 18-րդ դարու սկիզբի շիրմաքարի վրայ նշուած է Սիւնիքի Աճպաճ գիւղը, որ 1720-ականներէն այլեւս հայաբնակ չէ եղած: «Մինչ այդ տեղեկութիւն չունէինք, թէ գիւղը երբ հայաբնակ եղած է: Կամ  կան գիւղեր, որոնց անունները իսպառ մոռացութեան մատնուած են եւ յայտնի ալ չէ, թէ  ան  Հայրենիքի որ մասին մէջ գտնուած է: Տարբեր տեսանկիւններէ` պատմական եւ աշխարհագրական  առումով նաեւ կ՛ամբողջացնեն տեղեկութիւնները», ըսած է ան:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին