Երեքշաբթի, 14. 01. 2025

spot_img

Բժիշկ Կարպիս Հարպոյեան Այցելեց Մեսրոպեան

29 Փետրուար 2016-ին Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանը հիւրընկալեց՝ բժշկական գիրքերու եւ յօդուածաշարքերու հեղինակ բժիշկ Կարպիս Հարպոյեանը, որուն նորագոյն գիրքերուն շնորհանդէսը տեղի ունեցաւ վերջերս, Պէյրութի մէջ:

Բժիշկ Հարպոյեան ընդունուեցաւ վարժարանիս տնօրէն պարոն Կրէկուար Գալուստին կողմէ, որ երախտագիտութեամբ արտայայտուեցաւ բժիշկին հանրային-գիտական գործունէութեան մասին: Իր հերթին բժիշկ Հարպոյեան մեծապէս գնահատեց Մեսրոպեանի մէջ տարուող կրթական աշխատանքները, որոնց մաս կը կազմէ նաեւ աշակերտներու առողջապահական դաստիարկութիւնը:

Բժիշկ Հարպոյեան վարժարանին նուիրեց իր հրատարակած նորագոյն հատորները՝ «Բժիշկին Գ. խօսքը» եւ «Բժիշկին Դ. խօսքը»: Ան նաեւ գիրքերէն օրինակներ յատկացուց բարձր դասարաններու յառաջադէմ աշակերտներուն համար:

 

Տեղեկատուական գրասենեակ
Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարանի

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին