Երեքշաբթի, 14. 01. 2025

spot_img

Պոլսոյ Ենիգաբուի Երբեմնի Դպրոցին Շէնքը Կը Վերակառուցուի

Սթանպու­լի եկե­ղեցի­ներուն մէջ բնակ­չութիւ­նը նուազած օրի­նակ­նե­րէն մէկն ալ՝ Ենի­գաբուի Սուրբ Թա­դէոս-Սուրբ Բար­թո­ղոմէոս Եկե­ղեցին է։ Տա­րինե­րու հո­լովոյ­թով քա­ղաքի կարգ մը թա­ղամա­սերը նօս­րա­ցած եւ կորսնցու­ցած են իրենց ան­ցեալի փառ­քի օրե­րը։ Պատ­մա­կան Վլա­նկա թա­ղի այս եկե­ղեցին ալ բնակ­չութեան նուազու­մի հետ միասին փա­կած էր կող­քի Հայ­կա­նուշեան դպրոցի դռնե­րը։ Այժմ այդ տա­րած­քին մէջ տար­բեր բնոյ­թով կեն­սունա­կու­թիւն մը կը նկա­տուի եւ Ենի­գաբու եթէ ոչ բնակ­չութիւ­նով, բայց գո­նէ զբօսաշրջութեան նշա­նակու­թիւնով կա­րեւո­րու­թիւն կը ստա­նայ։ Այս զարգացու­մը կը նպաս­տէ նաեւ եկե­ղեցիի կա­լուած­նե­րուն վե­րար­ժե­ւոր­ման։ Կը տե­ղեկաց­նեն, թէ թա­ղակա­նու­թիւնը հա­մաձայ­նութիւն մը կնքած է՝ Հայկանուշեան դպրո­ցի շէն­քը ար­ժե­ւորե­լու հա­մար։ Այս մա­սին թաղականութեան ատե­նապետ Մու­րատ Գա­րաման «Ակօս»ին կը յայտնէ, թէ հա­մաձայ­նած են BRF ընկե­րութեան հետ եւ չորս տա­րուայ շի­նարա­րու­թեան շրջա­նէ մը ետք պի­տի կա­ռու­ցեն պու­թիք հիւ­րա­նոց մը, որուն եկա­մու­տը պի­տի նպաս­տէ եկե­ղեց­ւոյ ծախ­սե­րուն։ «Շէն­քը պատ­մա­կան ար­ժէք ներ­կա­յաց­նե­լով միայն չորս յար­կա­նի շի­նու­թիւն մը պի­տի ըլ­լայ եւ պի­տի ու­նե­նայ հիւրանոցային 35 սե­նեակ­ներ։ Ներ­կայ պայ­մա­նագի­րի հա­մաձայն տա­րեկան 180 հա­զարի եկա­մուտ մը պի­տի ու­նե­նանք», կ՛ըսէ Մու­րատ Գա­րաման։

Նշենք, որ Ենի­գաբու թա­ղը ան­ցեալին ու­նե­ցած է շարք մը դպրոց­ներ։ 1880-ի տուեալ­նե­րով թա­ղի Առա­քելոց դպրո­ցին մէջ 54, Հայ­կա­նու­շեան դպրո­ցին մէջ 87 աշա­կերտներ կ՛ու­սա­նէին։ Պոլ­սոյ Պատ­րիար­քա­րանի Կրթա­կան Յանձնախումբի 1 Յու­նուար 1907 թուակիր տե­ղեկագիրին մէջ եր­կու դպրոցներու տուեալ­նե­րը միացուած են, ուր կը հան­դի­պինք ու­թը ուսուցիչներու, չորս ու­սուցչու­հի­ներու, 42 աղ­ջիկ եւ 45 մանչ աշա­կերտնե­րով ման­կա­պար­տէ­զի, 107 աղ­ջիկ եւ 112 մանչ աշա­կերտնե­րով նա­խակրթա­րանի բա­ժին­նե­րուն։  Աւե­լի ուշ թուակա­նի դպրոցի մա­սին տե­ղեկու­թիւննե­րը կը պակ­սին։

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին