Երկուշաբթի, 13. 01. 2025

spot_img

Յայտարարութիւն

Հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւններու միջ-կուսակցական հերթական ժողովը տեղի ունեցաւ Չորեքշաբթի, 24 Փետրուար 2016ի երեկոյեան Թէքէեան Կեդրոնի մէջ, Ժըմմէյզի, Պէյրութ:

Հանդիպումը առիթ մըն էր քննարկելու Լիբանանն ու Լիբանանահայութիւնը յուզող քաղաքական եւ ազգային հարցեր:

Միջ Կուսակցական

Ժողովականները լիբանանահայութեան անվտանգութիւնը ամէն քաղաքական կամ կուսակցական շահերէ վեր դասեցին եւ ինչպէս պատմականօրէն եղած է՝ ծրագրեցին միասնաբար դիմագրաւել Լիբանանի եւ շրջանի քաղաքական ու ապահովական այն բոլոր խնդիրները, որոնք կրնան ժխտական ազդեցութիւն ունենալ Լիբանանահայութեան վրայ:

Սուրիահայութեան հարցով ժողովականները իրենց անվերապահ նեցուկն ու զօրակցութիւնը յայտնեցին Սուրիահայ հայրենակիցներուն եւ որոշեցին աւելի եւս համակարգուած ու ծրագրուած կերպով հասնիլ անոնց պէտքերուն:

Ժողովականները մաղթելով հանդերձ, որ Սուրիահայութիւնը չլքէ իր ծննդավայրը՝ շեշտեցին, թէ պայմաններու հարկադրանքով ամէն գաղթական պէտք է ունենայ մէկ ու միակ ուղղութիւն, որն է Հայրենիքը՝ Հայաստան ու Արցախ:

Ինչ կը վերաբերի Հայոց Ցեղասպանութեան 101 ամեակին, ժողովականները կազմեցին Հայոց Ցեղասպանութեան Ոգեկոչման Միջ-Կուսակցական Մարմինը, որ շուտով պիտի անցնի իր աշխատանքներուն:

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ

ՍԴՀԿ Լիբանանի Շրջանի Վարիչ Մարմին

ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւն

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին