Հինգշաբթի 18 Փետրուար 2016ին տեղի ունեցաւ Դոկ. Անդրանիկ Տագէսեանի Լիբանանի Հայօճախը գիրքին շնորհահանդէսը, Հայկազեան Համալսարանի հանդիսասրահին մէջ, ներկայութեամբ լիբանանահայ մտաւորականներու, կրթական մշակներու, մամուլի ներկայացուցիչներու եւ բարեկամներու:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ համալսարանի դասախօսուհի Տիկ. Շաղիկ Խիւտաւերտեան, բարի գալուստ մաղթելով ներկաներուն: Համառօտ գիծերու մէջ ան ներկայացուց Դոկտ. Տագէսեանի կենսագրութիւնը, խմբագրած գիրքերէն մի քանին եւ ընդգծեց անոր դերակատարութիւնը՝ գիտամշակութային շարք մը նախաձեռնութիւններու եւ հրատարակութիւններու առնչութեամբ: Ապա Տիկ. Խիւտաւերտեան մատնանշեց այս շնորհանդէսով հանրութեան ներկայացուող գիրքը՝ Լիբանանի Հայօճախը՝ աւելցնելով, որ հատորը կ’անդրադառնայ Լիբանանի հայօճախի կեանքին ազգային, քաղաքական, լեզուական, մշակութային, ընկերային, տնտեսական եւ կենցաղային երեսներուն, ապա բեմ հրաւիրեց ծանօթ մտաւորական Պրն. Ժիրայր Դանիէլեանը:
Իր խօսքին մէջ Պրն. Դանիէլեան յայտնեց, թէ գիրքը աննախընթաց է իր բովանդակութեամբ. ան արտասովոր երեւոյթ նկատեց նաեւ գիրքին խորագիրը, ընդգծեց գիրքին վերնագիրին ուշագրաւ երկու բառերը՝ «Համարկում» եւ «Հայօճախ»: Տուաւ սահմանումը համարկում-integrationին, մէջբերեց Դոկտ. Տագէսեանին տուած սահմանումը այդ եզրին եւ բացատրեց, թէ «համարկումը ինքնութեան պահպանումի նոր ձեւ եւ նոր ոճ մըն է՝ խուսափելու համար ամբողջական ձուլումէ»:
Պրն. Դանիէլեան նոյնպէս իր խանդավառութիւնը յայտնեց հայօճախ եզրին առնչութեամբ, ու դարձեալ գիրքէն մէջբերեց. «Հայոց Ցեղասպանութիւնը ծնունդ տուաւ ժամանակակից Սփիւռքին եւ գաղափարախօսական անկիւնադարձ պարտադրեց հայութեան բոլոր խաւերուն միտքին ու գիտակցութեան», եզրաբաժանում մը կատարելով նախաեղեռնեան գաղութահայութեան եւ յետ-եղեռնեան Սփիւռքին միջեւ:
Ապա Պրն. Դանիէլեան ներկայացուց գիրքը, քայլ առ քայլ յառաջանալով գիրքին բովանդակութեան ցանկով, ու մատնանշելով, որ որդեգրուած վերնագիրներն ու ենթախորագիրները ընթերցողը կը նախապատրաստէին արծարծուելիք միտքերուն եւ հոն յայտնուած գաղափարներու զարգացման ընթացքին:
Դանիէլեան համառօտակի անդրադառնալէ ետք գիրքի «Մուտք»ին, անցաւ «Ներածութեան», ուր հեղինակը պատմական ակնարկով մը կը ներկայացնէ գիրքին ենթահողը: Դանիէլեան առանձին անդրադարձաւ նաեւ հատորին բաղադրիչ չորս գլուխներուն, որոնք հեղինակը բաժնած էր ըստ ժամանակային հանգրուաններու: Ան համաձայն գտնուեցաւ Լիբանանի հայօճախի հեղինակին կատարած հետաքրքրական ժամանակագրական բաժանումին, որուն առաջինը կ’ընդգրկէ 1920-1940 թուականները: Տագէսեան այս շրջանը բնութագրած էր իբրեւ «Համարկումին առաջին քայլերը. օսմանցիութենէ գաղթականացում եւ ասպնջականացում»:
Տագէսեան երկրորդ գլուխը անուանած է «Համարկումին ընթացքը. ասպնջականացումէ համայնքացում եւ սփիւռքացում- քաղաքացիացում»: Ան կ’ընդգրկէ 1950-1975 շրջանը:
Երրորդ գլուխը անուանուած է «Հակահամարկումի տարիները. Համայնքային օրակարգերուն ուժը», որ կը տարածուի 1975էն1990 տարիներուն վրայ:
Պրն. Դանիէլեան խորացաւ նաեւ չորրորդ գլուխին ծալքերուն մէջ մատնանշելով, որ այդ բաժինը կոչուած էր «Ինքնաբաւութեան սահմանները. բազմուղի՝ չկանոնակարգուած, ինքնահոս եւ անհատական հայեցողութեամբ համարկում» (Ժիրայր Դանիէլեանի խօսքը առանձին կու տանք յառաջիկային – Ծ.Խ.):
Ապա բեմ հրաւիրուեցաւ Հայկազեան Համալսարանի նախագահ Վերապատուելի Դոկտ. Փօլ Հայտօսթեան, որ գնահատեց Դոկտ. Տագեսեանի ջանասիրութիւնը, ի միջի այլոց մատնանշեց, որ բարդ հիւսուածքով այս գիրքը գրուած է շատ պարզ ձեւով եւ շեշտեց հատորին ընդգրկած ամբողջական իրականութիւնը: Վեր. Հայտօսթեան նշեց, թէ ներկայացուածը շատ հարուստ գիրք մըն է, որուն ընթերցումը երկար ժամանակ մտածել կու տայ արծարծուած զանազան երեսակներուն մասին: Հուսկ Վերապատուելին շեշտեց նաեւ հեղինակին գիտական եւ առարկայական մօտեցումը Լիբանանի հայօճախի կենսապատումին ու շնորհակալութիւն յայտնեց Սփիւռքի Նախարարութեան, որուն նիւթական աջակցութեամբ լոյսին եկած էր այս հատորը (Վեր. Դոկտ. Հայտօսթեանի խօսքը առանձին կու տանք յառաջիկային – Ծ.Խ.):
Իր փակման խօսքին մէջ գիրքին հեղինակը՝ Դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեան ի միջի այլոց մատնանշեց գիրքին ծնունդին տուն տուող պատճառները՝ շեշտելով, որ ան կը միտի լիբանանահայ նորահաս սերունդը հաղորդակից դարձնել յետ-Եղեռնի հայութեան հրաշալի յարութեան եւ զանոնք լիցքաւորել այդ ոգիով, քան թէ յուսաբեկութեամբ եւ հիասթափութիւններով: Ան յոյս յայտնեց, որ այս գիրքին կը յաջորդեն նաեւ երկու այլ հատորներ՝ նուիրուած լիբանանահայ տնտեսութեան եւ մշակոյթին, որմէ ետք ամբողջութեան արաբերէն տարբերակը կրնայ հումք հանդիսանալ՝ Լիբանանի վերջին հարիւրամեակի պատմութեան մէջ Լիբանանի հայօճախին ընդելուզման: Ան նախ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք աջակցեցան այս գիրքի ծնունդին: «Գիրքս չի յաւակնիր ճիշդ կամ համապարփակ ըլլալ, բայց կը կարծեմ, թէ դէպի Լիբանանի հայօճախի խճանկարի վերակերտումին իմ յաւելումիս սկիզբը դրած կ’ըլլամ» (Դոկտ. Տագէսեանի խօսքը առանձին կու տանք յառաջիկային – Ծ.Խ.):
Ձեռնարկի աւարտին հեղինակը մակագրեց հատորը: Այնուհետեւ գիրքին շուրջ խօսակցութիւնները շարունակուեցան բակը՝ հիւրասիրութեամբ մը: