Բեմադրիչ Ճիւան Աւետիսեանի «Վերջին բնակիչը» ֆիլմին համար, աշխարհահռչակ Սերժ Թանքեանի յօրինած երաժշտութիւնը կը ձայնագրուի Հայաստանի մէջ: Ձայնագրման աշխատանքներուն մէջ ներգրաւուած են Հայաստանի ազգային ֆիլհարմոնիք նուագախումբը` գեղարուեստական ղեկավար եւ գլխաւոր խմբավար Էդուարդ Թօփչեանի եւ «Հովեր» պետական քամերային երգչախումբը` գեղարուեստական ղեկավար եւ խմբավար Սոնա Յովհաննիսեանի գլխաւորութեամբ:
«Երկար տարիներու աշխատանք, սրտցաւ աշխատանքային խումբ պահանջուեցաւ ֆիլմը իրականացնելու համար: Ամենակարեւորը սէր պահանջուեցաւ. բոլոր մասնակիցներուն կը միաւորէր սէրը դէպի ֆիլմը: Բաւական երկար, դժուարին աշխատանք կատարուած է: Նկարահանման աշխատանքները ամբողջութեամբ աւարտած են: Թէ ինչպէս կ՛ըլլայ ֆիլմը` կը դատէ հանդիսատեսը», «Արմէնփրես»ի փոխանցմամբ լրագրողներու հետ զրոյցի ժամանակ, ձայնագրման աշխատանքներու մեկնարկին նշած է բեմադրիչ Ճիւան Աւետիսեան:
Անոր խօսքով ինք եւ Սերժ Թանքեան երկու ամիսներ աշխատած են երաժշտութեան վրայ: «Կարծէք թէ միասին ապրած ենք հերոսներու ամէն մէկ օրն ու դրուագը: Սերժը կատարեալ, փայլուն երաժշտութիւն գրած է: Երաժշտութիւնը իսկապէս շատ լաւ է, շնորհակալ եմ անոր: Անկեղծ ըսեմ, որ եթէ չսիրէր այսպիսի աշխատանք չէր ըներ: Սերժը ֆիլմի պատկերները տեսած է, բնագիրը սիրած է: Ան ըսաւ. «Ֆիլմը ինծի թեւեր կու տայ, որ ես ստեղծագործեմ», աւելցուցած է Ճիւան Աւետիսեան` շեշտելով, որ ֆիլմի անդրանիկ ցուցադրութիւնը տեղի պիտի ունենայ այս տարուան «Ոսկէ ծիրան» միջազգային շարժանկարի փառատօնի ծիրէն ներս:
«Վերջին բնակիչը» ֆիլմի նկարահանումները տեղի ունեցած են Արցախի Խաչմաչ գիւղին մէջ: Ֆիլմը կը պատմէ ազգամիջեան հակամարտութեան արդիւնքով բռնի տեղահանուած, հայաբնակ գիւղին մէջ միայնակ մնացած հայ մարդու մը` Աբգարի մասին: Աբգարը ապրելով թշնամական միջավայրի մէջ, կը փնտռէ իր աղջիկը: Վերջինս հոգեկան խանգարում ունեցած է` տեսնելով, թէ ինչպէս վայրենացած ամբոխը Սումկայիթի մէջ` կրակներու մէջ կ՛այրէ իր ամուսինը:
«Վերջին բնակիչը» ֆիլմը ստեղծուած է միջազգային համագործակցութեան իբր արդիւնք: Ան «ֆիշ այ Արթ» մշակութային հիմնադրամի, Հայաստանի ազգային շարժանկարի կեդրոնի եւ լիթուական «Արթպոքս» շարժանկարի ընկերութեան համատեղ արտադրութիւն է: Ֆիլմի ստեղծման աջակցած են շուէտական «Apricot Stone», ամերիկեան «Alpha Dogs INQ» եւ «Mosaic Arts & Cultural Foundation», Հայաստանի «Դոմինօ Փրոտաքշն» ընկերութիւնները եւ Լիբանանի պետական համալսարանը: Ֆիլմի դերասանական կազմին մէջ յայտնի եւ սիրուած հայ դերասաններ Ալեքսանտր Խաչատրեանի, Սօս Ճանիբեկեանի, Նարինէ Պետրոսեանի, Բաբկէն Չօպանեանի հետ ընկդգրուած են նաեւ համաշխարհային ճանաչում ունեցող դերասաններ Հոմայուն Էրշատին` Իրանէն, Սանտրա Տաուքշայտէ Փեթրուլենէն` Լիթվայէն, Տիմիթրա Խաթուբին` Յունաստանէն, Աննէ Պետեանը` ԱՄՆ-էն, Արմէն Գրիգորեանը (Կրէյք)` Ռուսիայէն:
Այժմ ֆիլմը յետարտադրական աշխատանքներու փուլի մէջ է: Մոնթաժի եւ գոյնի հետ կապուած աշխատանքները կ՛իրականանան Լիթվայի մէջ, ձայնի հետ կապուած աշխատանքները ԱՄՆ-ի` «Alpha Dogs INQ» ընկերութեան մէջ: