Հռոմի Հայ համայնքի խորհուրդի նախաձեռնութեամբ Մարտ 1-ի յետմիջօրէին, Հռոմի «Ռիսփոլի» Մատենադարանի սրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ Հրանդ Տինքի անուան «Մամուլի ազատութեան» իտալական մրցանակի տուչութեան 9-րդ հանդիսութիւնը»: Այս մասին ըստ «Հայերն Այսօր»ի կը յայտնէ Հռոմի Հայ համայնքի խորհուրդը:
«Մամուլի ազատութեան» Հրանդ Տինք իտալական մրցանակը ամէն տարի կը շնորհուի իտալացի հանրածանօթ այն լրագրողներուն, որոնք իրենց գործունէութեամբ սատարեցին ճշմարտութեան ճանաչումին, յատկապէս խօսելով ու պաշտպանելով Հայոց Ցեղասպանութեան պատմական ճշմարտութիւնն ու հայկական հարցին առնչուող խնդիրներ:
Հռոմի Հայ համայնքի խորհուրդին որոշումով, «Մամուլի ազատութեան» Հրանդ Տինք իտալական 2016-ի մրցանակը պիտի շնորհուի երկու լրագրողուհիներու` Ֆրանքա Ճանսոլտաթի եւ Աննա Մացցոնէի։ Առաջինը իտալական «Իլ Մեսսաճճերօ» օրաթերթի լրագրողուհի է, որ յատուկ կը զբաղի վատիկանի հարցերով եւ որ 2015-ին Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւր ամեակին առիթով հրատարակեց՝ «Անդարձ երթը. Հայոց Ցեղասպանութիւնը» վերտառութեամբ գիրքը, որ արժանացաւ նաեւ Ֆրանչիսկոս Պապի գնահատանքին։ Մինչ Աննա Մացցոնէն, որ կը համագործակցի իտալական տարբեր հաղորդամիջոցներու հետ, 2011-ին իրականացուցած է Արցախի մասին կարեւոր հետազօտական տեսաերիզ մը, ի յայտ դնելով այդ հակամարտութեան իրականութիւնը:
Հռոմի Հայ համայնքի խորհուրդը վերոնշեալ մրցանակի տուչութեամբ կ՛ուզէ վառ պահել Հրանդ Տինքի յիշատակը, անոր նահատակութիւնը նկատելով առիթ վերարժեւորելու լրագրողներու դերը աշխարհի մը մէջ, ուր յաճախ ճշմարտութիւնը խեղաթիւրուած է ու ենթակայ է տնտեսական կամ քաղաքական շահերու եւ ձգտումներու։
Միւս կողմէ մրցանակը առիթ է վերարծարծելու Հայոց Ցեղասպանութեան հարցը ու գնահատելու բոլոր անոնք, որոնք իտալական շրջանակէն ներս թիկունք կը կանգնին Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումի պայքարին: