Չորեքշաբթի, 22. 01. 2025

spot_img

Եգիպտական «Տալիտա» Պարբերականի Անդրանիկ Համարը Նուիրուած Է Հայոց Ցեղասպանութեան

Հրապարակի վրայ է ատենին հայաշատ Շուպրա թաղամասին եւ Գահիրէի կեդրոնի բնակչութեան համար նախատեսուած՝ «Տալիտա» պարբերականի առաջին (Դեկտեմբեր 2015 – Յունուար 2016) համարը, որուն հիմնական նպատակն է բազմամշակոյթ Գահիրէի վաղեմի նկարագիրը վերարծարծել եւ նպաստել բնակչութեան հաւաքական յիշողութեան վերականգնման, փոխճանաչողութեան եւ անոր վրայ հիմնուած համերաշխութեան:

128 էջերէ բաղկացած եւ ճաշակով կազմուած գունաւոր ու պատկերազարդ պարբերականին առաջին թիւը Լոյս տեսած է՝ Հայոց
Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին առիթով եւ ամբողջովին նուիրուած է հայութեան:

Այս օգտաշատ եւ յատուկ թիւը հրատարակուած է հովանաւորութեամբ Գահիրէի Ազգային Իշխանութեան, զոր կը նախագահէ Գերշ. Տ. Աշոտ Եպս. Մնացականեան՝ Բարեջան առաջնորդ Եգիպտոսի Հայոց Թեմին, իր հետ գործակից ունենալով Քաղաքական Ժողովի ատենապետ Տոքթ. Գէորգ Երզնկացեանը, փոխ Ատենապետ Տոքթ. Արմէն Մազլումեանն ու Քաղաքական Ժողովի վարչականները :

Պարբերականը ունենալով «ժողովրդական մամուլ»ի կոչում եւ հետամտելով հասարակութեան տարբեր խաւերու զարգացումը, ինչպէս յառաջիկայի միւս բոլոր թիւերը՝ այս յատուկ թիւն ալ կը բաշխուի անվճար: Առաջին այս թիւը բոլորովին զերծ է առեւտրական գովազդներէ:

Գաղափար մը տալու համար պարբերականի հարուստ բովանդակութեան մասին` Ցեղասպանութեան առնչուած պատմական, վերապրածներու վկայութիւններու եւ իրաւական երեսի կողքին, յօդուածներ նուիրուած են հայ մշակոյթի անուանի գործիչներ Կոմիտաս վարդապետի, Յովհաննէս Թումանեանի, Ուիլիամ Սարոյեանի, Արամ Խաչատուրեանի, Յովհաննէս Թումանեանի, Աւետիք Իսահակեանի, սրբանկարիչ Եուհաննա Արմանիի, գեղանկարիչներ Երուանդ Տեմիրճեանի, Աշոտ Զօրեանի, Սարուխանի, Բիւզանդ Կոճամանեանի, բոլորն ալ եգիպտացի, լիբանանցի կամ օտար հեղինակներէ: Անոնցմէ զատ հայ գիրի, արուեստի եւ գիտութեան երախտաւորներու մասին հակիրճ տեղեկութիւններ ալ կը պարունակէ անիկա: Հարցազրոյցներ ունին եգիպտահայոց հոգեւոր առաջնորդ Տ. Աշոտ եպս. Մնացականեան, Էտի Գարակէօզեան ներկայացնելով հօր` արքայական ընտանիքի յատուկ լուսանկարիչ եւ նախկին թագաւոր Ֆարուք Ա.ի մտերիմ ու վստահուած անձի՝ Արշակ Գարակէօզեանի յուշերը, Հայոց Ցեղասպանութենէն վերապրածներու վկայութիւնները արձանագրած Վերժին Սվազլեան, «Նուպար» հրատարակչատան տէրերէն դր. Ճորճ եւ Մարլօ Սիմոնեաններ, երգիծանկարիչ Ալ. Սարուխանի ընտանիքի անդամներ` Կարօ եւ Սեդա Ներետեաններ, ճարտ. դր. Նայիրի Համբիկեան:

2

 

3

4

Պարբերականը ըստ անոր խմբագիրներուն, ընդհանուր գաղափար մը կու տայ հայ մարդու ներքին հզօրութեան մասին, որով ան յաղթահարեց Ցեղասպանութիւնը, հայրենազրկութիւնը եւ ցարդ կը փորձէ իբրեւ հայ վերապրիլ ու զարգանալ օտար հողի վրայ` առանց մեկուսանալու իր շրջապատէն եւ միշտ ծառայելով զինք հիւրընկալած երկիրի ու հասարակութեան յառաջընթացին եւ վերելքին:

Այս է իր հրատարակիչներուն նպատակներէն մին, հայոց օրինակը կենդանացնել եւ ներկայացնել այս դժուար ժամանակներուն՝ հայրենազրկման աղէտ դիմագրաւող ասպնջական արաբ ժողովուրդի զաւակներուն:

Պարբերականի բովանդակութեան PDF ելեկտրոնային տարբերակին մօտ օրէն կարելի է ծանօթանալ  www.dalida.co կայքին վրայ, ուր շուտով պիտի տեղադրուի:

Յոյսով ենք, որ «Զարթօնք»ի խմբագրատունը շուտով պիտի ստանայ իրեն վերապահուած օրինակները, որոնք տրամադրելի պիտի ըլլան փափաքող ընթերցողներուն:

Երախտագիտութիւն «Տալիտա» պարբերականի հրատարակիչներուն, անոր խմբագիր Սամեհ Քաշեֆին, խմբագիրի խորհրդական Մարուա Ֆոտաին եւ անոր բոլոր աշխատակիցներուն: Վարձքը կատար եգիպտահայ մեր ժրաջան ու նուիրեալ ընկեր Տոքթ. Գէորգ Երզնկացեանին եւ իր բոլոր գործակիցներուն:

«Զ.»

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին