Ուրբաթ, 13. 09. 2024

spot_img

Ամերիկահայ Բժշկական Միութիւնը 10,000 Տոլար Կը Խոստանայ Սուրիահայութեան

Ամերիկահայ բժշկական միութիւնը (AAMS) կը տեղեկացնէ, թէ որոշած է 10,000 տոլար նուիրել Սուրիահայութեան օժանդակութեան հիմնադրամին (SARF), յատկապէս Սուրիոյ պատերազմէն տուժած հայորդիներուն բժշկական հարկաւոր խնամք ապահովելու նպատակով։

Նուէրը պիտի յանձնուի Սուրիահայութեան օժանդակութեան հիմնադրամին՝ «Կեանք մը Փրկէ» խորագրեալ պատկերասփիւռային դրամահաւաքին ընթացքին, որ տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ Կիրակի, Փետրուար 21ին։

Միութեան նպատակն է մարդասիրական զանազան միջոցառումներով նպաստել՝ յատկապէս Հայաստանի եւ Սփիւռքի հայութեան առողջապահութեան:

«Ուրախ ենք, որ առիթը ունինք օժանդակութեան ձեռք երկարելու կարիքաւոր սուրիահայերուն։ Սուրիոյ մէջ կացութիւնը յոյժ մտահոգիչ է, եւ մենք կը փափաքինք մեր կարողութիւններուն ներած չափով օգնել», կը յայտնէ Ամերիկահայ բժշկական միութեան ատենապետ տոքթ. Ռաֆֆի Թաշճեան։

Աւելի քան 600 անդամներ ունեցող Ամերիկահայ բժշկական միութիւնը կը հանդիսանայ՝ իր տեսակին մէջ մեծագոյնը Սփիւռքի մէջ: Անոր մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար այցելել www.aamsc.com կայքը:

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին