Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի նախարար Տիկին Հրանոյշ Յակոբեան Երկուշաբթի, 15 Փետրուար 2016ի առաւօտեան ժամը 10-ին, այցելեց Հայ կաթողիկէ Պատրիարքարան, ուր ընդունուեցաւ Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Գրիգոր Պետրոս Ի. Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարքին կողմէ։ Տիկին Յակոբեանին կ’ուղեկցէին Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան պր. Աշոտ Քոչարեան եւ հիւպատոս պր. Աշոտ Վարդանեան։ Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան Լիբանանի թեմի օգնական եպիսկոպոս արհի. Գէորգ Ասատուրեան, Զմմառու Վանքի մեծաւոր եւ Միաբանութեան պատրիարքական փոխանորդ գերպծ. Գաբրիէլ թ.ծ.վ. Մուրատեան, արհիապատիւ, գերյարգելի, գերապատիւ հայրեր, նախկին նախարար Մեթր Ժագ Չուխատարեան եւ հայ կաթողիկէ յանձնաժողովներու անդամներ։
Շուրջ ժամ մը տեւած հանդիպումի ընթացքին տեղի ունեցած խօսակցութիւնը՝ առաւելաբար շօշափեց Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի աշխատանքներուն հաշուեկշիռը, որու լոյսին տակ տիկին Յակոբեան մեծապէս գնահատեց Հարիւրամեակի Լիբանանի կեդրոնական մարմինին եւ համայնքային կառոյցներուն աշխատանքը եւ շեշտեց զայն աւելի մեծ ու կազմակերպուած թափով շարունակելու անհրաժեշտութիւնը։ Կարեւորուեցաւ համահայկական հիմնահարցերուն շուրջ համահայկական խորհրդակցութիւն կատարելու անհրաժեշտութիւնը։ Շեշտուեցաւ յատկապէս հայկական պետութիւնը հզօրացնելու եւ Ղարաբաղի Հանրապետութեան միջազգային ճանաչման ու զօրացման ի խնդիր յարաճուն աշխատանք ծաւալելու հրամայականը։ Անդրադարձ եղաւ Հայաստանի զարգացման համար ներդրումներ կատարելու, արտագաղթը արգելակելու եւ հայրենի ժողովուրդը յուզող հրատապ խնդիրներու մասին։ Խօսուեցաւ նաեւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի Հայաստան այցելութեան հնարաւորութեան մասին։
Հուսկ դեսպան Քոչարեան յիշեցնելով, որ ինք շուտով հրաժեշտ պիտի տայ Լիբանանին՝ իր պաշտօնաշրջանը աւարտին հասած ըլլալով, շնորհակալութիւն յայտնեց ընդհանրապէս լիբանանահայ գաղութին եւ յատկապէս հայ կաթողիկէ համայնքին կողմէ իրեն հանդէպ ցուցաբերուած ջերմ վերաբերումին համար։ Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը գնահատանքով արտայայտուեցաւ դեսպանի վեցամեայ ծառայութեան մասին Լիբանանի մէջ եւ յաջողութիւն մաղթեց անոր հետագայ առաքելութեան։