Չորեքշաբթի, 22. 01. 2025

spot_img

«Լա Պոհեմ». Աշնան Բեմ Կը Բարձրանայ Շարլ Ազնաւուրի Կեանքին Նուիրուած Պալէն

Ֆրանսահայ հեղինակաւոր երգիչ Շարլ Ազնաւուրի կեանքը եւ գործունէութիւնը կ’ամփոփուի մէկ գործողութեամբ պալէի մէջ: «Արմէնփրէս»ի հետ զրոյցի ընթացքին, Ալեքսանտր Սպենդիարեանի անուան օփերայի եւ պալէի ազգային ակաթեմական թատրոնի պալեթմայսթըր Ռուտոլֆ Խառատեան տեղեկացուցած է, որ նոր բեմադրութիւն կը պատրաստէ:

««Լա Պոհեմ»ի մէջ պիտի ըլլան Շարլ Ազնաւուրի երգերը: Անիկա կը ներկայացնէ Շարլ Ազնաւուրի ուղին: «Լա Պոհեմ»ը մօտ 40 վայրկեաննոց 1 գործողութեամբ պալէ է։ Ազնաւուրի ամենայայտնի երգերը պիտի ըլլան անոր մէջ: Թէեւ Ազնաւուրի  բոլոր երգերն ալ յայտնի են, շատ դժուար է ընտրելը», նշած է Ռուտոլֆ Խառատեան: Ալ. Սպենդիարեանի անուան օփերայի եւ պալէի ազգային ակատեմական թատրոնի պալեթմայսթըրի խօսքով` պալէի մէջ պիտի ներկայացուի Ազնաւուրը, անոր կայացման ամբողջ ուղին, թէ ան ինչպէս հանդիպեցաւ Էտիթ Փիաֆին, ինչ դժուարութիւններու մէջէն անցաւ:

Խառատեանի հաւաստիացումով` ներկայացումը թատրոնին մէջ հնարաւոր պիտի ըլլայ դիտել 2016ի աշնան: Նշանաւոր ֆրանսահայ երգիչ, երգահան, դերասան եւ հասարակական գործիչ Շարլ Ազնաւուր ծնած է Փարիզ  22 Մայիս 1924ին: Բազմաթիւ յայտնի գործերու հեղինակ եւ կատարող է: Վաճառուած է Ազնաւուրի ստեղծագործութիւնները ամփոփող շուրջ 100 միլիոն ձայնապնակ: 2009 թուականէն Ազնաւուր Զուիցերիոյ մէջ Հայաստանի դեսպանն է, ինչպէս նաեւ Ժնեւի ՄԱԿ-ի գրասենեակին եւ այլ միջազգային կազմակերպութիւններու մէջ Հայաստանի մշտական ներկայացուցիչը: Հեղինակաւոր երգիչը Հոկտեմբեր 10-ին համերգով հանդէս եկած է Հայաստանի մէջ, այցի ընթացքին այցելած է տարբեր վայրեր եւ հարցազրոյց տուած «Արմէնփրէսին»ին:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին