Պատմաբան եւ թարգմանիչ դոկտ. Նորա Արիսեան, Դամասկոսի մէջ լոյս ընծայեց արաբերէն լեզուով «Կոմիտասն ու հայկական երաժշտութիւնը» խորագիրով գիրքը: Այս մասին կը հաղորդէ «Հայերն Այսօր»ը:
Առաջին անգամ ըլլալով Կոմիտասի մասին արաբերէն լեզուով հրապարակուած սոյն գիրքը, կը պարունակէ զանազան գիրքերէ ընտրուած 11 ուսումնասիրութիւններ եւ յօդուածներ, ինչպէս Ռոպերթ Աթայեանի «Կոմիտասական» ժողովածուէն թարգմանուած կարգ մը ուսումնասիրութիւններ՝ «Կոմիտասի երաժշտական ժառանգութիւնը», Մ. Մուրատեանի «Եկմալեանի պատարագը Կոմիտասի գնահատմամբ», Ն. Թահմիզեանի «Հայոց հոգևոր երգարուեստի ուսումնասիրութեան հարցեր» եւ այլն, նաեւ Խաչիկ Սաֆարեանի «Կոմիտաս Սքանչելագործ» գիրքէն՝ «Խազերու վերծանութեան խնդիրները», «Կոմիտասը եւ ռուսական երաժշտութիւնը» ու «Կոմիտասը եւ քրտական երաժշտութիւնը» յօդուածները, ինչպէս նաև հատուածներ Հրանդ Գէորգեանի «Շնչել, ապրիլ Կոմիտասով» գիրքէն, իսկ Վարդան Վարդանեանի «Յաւերժ Ճամբորդ» գիրքէն՝ «Կենդանի նահատակը»:
Գիրքի երաժշտական խմբագրութիւնը կատարած է Սուրիոյ սիմֆոնիք նուագախումբի ղեկավար խմբավար Միսաք Պաղպուտարեան, որ իր մուտքին մէջ կը քաջալերէ արաբական աշխարհի մէջ երիտասարդ երաժիշտները՝ վարպետ Կոմիտասի ուղիով քալելու եւ ժողովրդական երաժշտութիւնը վաւերացնելու:
Գիրքը կը բաղկանայ 160 էջերէ: Գիրքին թարգմանիչ Արիսեան իր նախաբանին մէջ նշած է, թէ գիրքը նուիրուած է Հայոց Ցեղասպանութեան 100 ամեակին եւ Կոմիտասի մահուան 80-ամեակին՝ յոյս յայտնելով, որ հայ մշակոյթն ու պատմութիւնը մարմնաւորող Կոմիտաս հանճարը ներկայացնելով՝ գիրքը ներդրում պիտի բերէ արաբական երաժշտական գրադարանին: