Երկուշաբթի, 13. 01. 2025

spot_img

Անտրամաբանական Բացթողումներ…

*ՍԵՒԱԿ  ՅԱԿՈԲԵԱՆ*

Լիբանանեան երթեւեկի օրէնքը յիսուն տարիքը նկատի ունեցած է, որպէս առաւելագոյնը ինքնաշարժ վարելու արտօնագիրի պիտանելիութեան, որմէ ետք տուեալ անձը  պէտք է բժշկական քննութեան ենթարկուի որոշ ժամանակաշրջանի մը համար՝ վերանորոգելու ինքնաշարժ վարելու իր արտօնագիրը եւ այսպէս շարունակաբար…:

Դարձեալ Լիբանանեան օրէնքը կը պարտադրէ իւրաքանչիւր անձի, որ անցած է 80 տարիքը, բժշկական հաստատագիր մը ներկայացնելու, որ կը հաստատէ,  թէ խնդրոյ առարկայ անձը տէրն է իր գիտակցութեան ու մտային առողջութեան, որեւէ պաշտօնական թուղթի մը վրայ իր ստորագրութիւնը չդրած…։ Նշեմ, թէ ըստ օրինի բժշկական հաստատագիրը կը ծառայէ միայն 24 ժամ…:

Հիմնուելով վերոյիշալ տուեալներուն վրայ, սիւնակս գրելու պահուն կը մտածէի, թէ ինչպէ՞ս կրնայ պատահիլ, որ հակառակ առկայ օրէնքին, յառաջացած տարիք մը նուաճած որոշ պատասխանատուներ քաղաքական գործ կը վարեն, խորհրդարանի անդամ կ՛ըլլան կամ նախագահական թեկնածու, ուր պէտք է օրէնքներու տակ ստորագրեն, պատասխանատու որոշումներ առնեն կամ պետական համաձայնագիրեր կնքեն, մինչ իրենց տարեկից համաքաղաքացիները սովորական առուծախի թուղթ մըն իսկ չեն կրնար ստորագրել՝ առանց բժշկական հաստատագիրի…:

Չմոռցած նաեւ նշեմ, որ իրականութեան չհամապաասխանող հաստատագիր տուող կողմը նոյն օրէնքով՝ պատասխանատու կը նկատուի իր արարքին…:

Յ.Գ. Վերոյիշեալ անտրամաբանական բացթողումը, յարգելի բացառութիւններով անշուշտ, կը վերաբերի նաեւ մեր ազգային կարգ  մը պատասխանատուներուն…:

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին