Շաբաթ, 05. 10. 2024

spot_img

Ճորճ Քլունի «Աւրորա»ի Մրցանակակիրին Պիտի Յանձնէ «Թումօ»ի Սաներուն Նախագծած Արձանիկը

«100 LIVES» նախաձեռնութեան հիմնադրած «Աւրորա» (Aurora) մրցանակի արձանիկի գծագրական պատկերը պիտի ստեղծեն՝ «Թումօ» ստեղծարար արուեստագիտութեան կեդրոնի սաները: Այս մասին կը յայտնէ «Թումօ»­ի «Ֆէյսպուք»ի էջը:

Մէկ ամսուան ընթացքին «Թումօ» ստեղծարար արուեսագիտութեան կեդրոնին մէջ, չորս դասընթացավարներ պիտի աշխատին չորս խումբերու հետ: Խումբերէն իւրաքանչիւրը պիտի մշակէ իր մտապատկերը, իսկ պիտի արտադրուի յաղթող խումբի առաջարկած ձեւաւերումը: Բոլոր անոնք, որոնք գծագրական ձեւաւորումով (graphic design) չեն զբաղիր ու չորս դասընթացքներու մասնակիցներուն մէջ չեն, նմանապէս կրնան մասնակցիլ` առաջարկելով մրցանակի կարգախօսն ու գունապնակը: Յաղթող կարգախօսն ու գունապնակը պիտի յայտարարուին «100 LIVES»ի պաշտօնակատար անձերուն կողմէ, Ապրիլ 23-­ին Դիլիջանի մէջ:

«Աւրորա»-ն համաշխարհային մարդասիրական ամէնամեայ նոր մրցանակ է, որ պիտի շնորհուի այն անհատներուն կամ խումբերուն, որոնք իրենց վտանգի ենթարկելով օգնած են այլոց գոյատեւելու: Առաջադրումներու գործընթացը մեկնարկած է 2015 թուականի Յուլիս 1-էն­ եւ շարունակուած մինչեւ Հոկտեմբեր 1: Մրցանակի յաւակնորդներուն գնահատելու համար «Աւրորա» մրցանակը ընտրող յանձնաժողովին մէջ ընդգրկուած են արժանի մարդիկ. Նոպելեան մրցանակակիրներ Էլի Ուիզըլը, Օսքար Արեասը, Շիրին Էպատին եւ Լէյմա Կպովէն, Իրլանտայի նախկին նախագահ Մերի Ռապինսընը, մարդու իրաւունքներու պաշտպան Հինա Ճիլանին, Աւստրալիոյ արտաքին գործոց նախկին նախարար եւ Միջազգային ճգնաժամային խումբի ներկայ նախագահ ու գործադիր տնօրէն Կարեթ Էւընսը, Նիւ Եորքի Քարնեկի ընկերակցութեան նախագահ Վարդան Գրեգորեանը, ինչպէս նաեւ Օսքարի արժանացած դերասան ու մարդասիրական ոլորտի գործիչ Ճորճ Քլունին: Անոնք բոլորը տարբեր ոլորտներու մէջ յաջողութիւններու հասած անձեր են, որոնց կը միաւորէ նուիրուածութիւնը մարդասիրութեան սկզբունքներուն:

2016-ի Ապրիլ 24-­ին Երեւանի մէջ կայանալիք արարողութեան ընթացքին՝ Ճորճ Քլունին յաղթողին պիտի յանձնէ անդրանիկ մրցանակը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին