Երեքշաբթի, 17. 06. 2025

spot_img

«Որպէս Հայ Երկու Պատճառներ Ունիմ Յաղթելու՝ Հպարտութիւն Եւ Պատիւ». Արթուր Աբրահամ

«Այս պիտի ըլլայ իմ ամենամեծ յաղթանակը» վերնագիրով յօդուած մը հրապարակած է fighthype.com կայքը` ներկայացնելով Արթուր Աբրահամի յառաջիկայ մենամարտի վերաբերեալ մեկնաբանութիւնը: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»­ը, հայ բռնցքամարտիկը նշած է, որ Մենի Պաքեաոյի հետ մենամարտիլը երազի նման է:

«Ես Հոլիվուտի մէջ մենամարտած եմ Էտիսըն Միրանտայի, Տիթրոյիթի մէջ Անտրէ Տիրելի, Կարսընի մէջ Անտրէ Ուորտի դէմ: Բայց այդ ժամանակ մեծ իրադարձութեան զգացողութիւն չունէի: Այդ բոլորէն երք կ՛երազէի հոս հանդէս գալու մասին, եւ ահա Ապրիլ 9-­ին վերջապէս հնարաւորութիւն պիտի ստանամ ռինկը կիսելու Մենի Պաքեաոյի հետ», ըսած է­ WBOի աշխարհի ախոյեան 35-­ամեայ Արթուր Աբրահամ:

Անդրադառնալով իր հակառակորդին` մեքսիքացի Խիպպերթօ Ռամիրեսին, Աբրահամ ըսած է, որ ան Մեքսիքայի երիտասարդ ու խոստումնալի բռնցքամարտիկներէն մէկն է: «Մեքսիքան այս մարզական ձեւին մէջ լաւ աւանդոյթներ ունի: Ռամիրեսը կը ցանկայ պատմութեան մէջ մնալ որպէս առաջին մեքսիքացին, որ միջին ծանրութեան կարգին մէջ աշխարհի ախոյեան դարձած է: Բայց ես ըլլալով հայ, որ կը բնակիմ եւ կը մենամարտիմ Գերմանիոյ մէջ, երկու պատճառներ ունիմ յաղթելու՝ հպարտութիւն եւ պատիւ: Այդ մենամարտին կը մօտենամ հետեւեալ միտքերով. «Աւելի լաւ է մեռնիլ ոտքի վրայ, քան ապրիլ ծունկի եկած»: Ատիկա պիտի ըլլայ իմ ասպարէզիս մեծագոյն յաղթանակը»,­ ընդգծած է Աբրահամ:

Յիշեցնենք, որ WBOի աշխարհի ախոյեան Արթուր Աբրահամ, Ապրիլ 9-­ին 24­ամեայ Խիլպերթօ Ռամիրեսի հետ կայանալիք մենամարտին պիտի պաշտպանէ իր ախոյեանական գօտին: Մենամարտը պիտի ըլլայ Լաս «MGM Grand Garden Arena» մարզահամալիրին մէջ կայանալիք երկրորդ հանդիպումը` Փաքեաոպրետլի մրցամարտէն ետք:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին