Հինգշաբթի, 16. 01. 2025

spot_img

Նինոծմինտայի Մէջ Ձիւնէ Քանդակներու Մրցոյթին Յաղթող Ճանչցուած է Ցեղասպանութեան Յուշահամալիրի Քանդակը

Փետերուար 10-ին Նինոծմինտա քաղաքի մշակութային կեդրոնին դիմաց, տեղի ունեցած է ձիւնէ պատրաստուած քանդակներու մրցոյթ, որ կազմակերպուած էր Նինոծմինտայի քաղաքապետարանի մշակոյթի եւ սփորթի բաժինին կողմէ: Այս մասին կը հաղորդէ Akhaltskha.net կայքը:

Նման մրցոյթ Նինոծմինտայի մէջ իրականացած է առաջին անգամ: Մրցոյթին մասնակցած են 5 խումբեր Նինոծմիտա քաղաքի 3 դպրոցներէ, ինչպէս նաեւ Օրոճալարի եւ Մեծ Խանչալիի գիւղական դպրոցի խումբերը: Մասնակիցները մրցոյթի ժամանակ ստեղծած են գեղեցիկ ստեղծագործութիւններ:

Ժիւրիի որոշումով մրցոյթի յաղթող ճանչցուած է Օրոճալար գիւղի դպրոցի խումբը, որ կառուցած էր ձիւնի շերտէ Ծիծեռնակաբերդը: Երկրորդ տեղը գրաւած է Նինոծմինտայի թիւ 1 դպրոցը, իսկ 3րդ տեղը շնորհուած է Նինոծմինտայի թիւ 2 ռուսական դպրոցին:

Բոլոր մասնակիցները ստացած են յուշանուէրներ եւ պատուոգիրեր կազմակերպիչներու կողմէն:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին