Չորեքշաբթի, 21. 05. 2025

spot_img

Երիտասարդութիւնը Հողին Վրայ Պահելը Միակ Երաշխիքը Գոյատեւումին

*ՍԵՒԱԿ  ՅԱԿՈԲԵԱՆ*

Ըստ Արցախի Հանրապետութեան վարչապետի խօսնակ Արտակ Բեգլարեանի՝ «Ֆէյսպուքի» իր էջին վրայ կատարած գրառումին, Արցախի Հանրապետութեան կառավարութեան նիստին Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեան յայտնած է, թէ Ռուսիա բնակող հայ գործարար Սամուէլ Կարապետեան՝ այսուհետեւ 5000 տոլար պիտի տրամադրէ Արցախի իւրաքանչիւր ընտանիքի մէջ ծնած չորրորդ երախային:

Հակառակ այն իրողութեան, որ բազմածնութիւնը ոչ մէկ ձեւով երկիրի մը զարգացման կը ծառայէ, այլ ընդհակառակը շատ ընկերային հարցեր կը ստեղծէ, սակայն նկատի ունենալով Արցախի յատուկ պարագան, երեւոյթը ուրախալի եւ քաջալերելի է բոլորիս համար:

Կը մնայ սակայն անոր զուգահեռ, Հայաստանի թէ Արցախի մէջ, պետութիւնը ձեռնարկէ նաեւ ծնող մանուկները ապագային՝ երկիրին մէջ պահելու ընկերային (սոցիալ) լուրջ քաղաքականութիւն մը մշակելու:

Երիտասարդութիւնը կամ աշխատունակ ուժը հողին վրայ պահելը եւ ուղեղներու արտագաղթի (brain drain) առաջքը առնելը, միակ երաշխիքներն են երկիրին տնտեսական զարգացման՝ հետեւաբար հզօրացումին ու գոյատեւումին:

 

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին