Երեւանի մէջ Փետրուար 7-ին մեծ շուքով նշուեցաւ Մեծ Պահքին նախորդող Բուն Բարեկենդանի տօնը:
Առաջնորդանիստ Սուրբ Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ ժամը 11:00-ին մատուցուեցաւ Սուրբ պատարագ, որմէ ետք թեմի երիտասարդները, ազգագրական երգի ու պարի համոյթները, Երեւանի տարբեր համայնքները ներկայացնող մշակութային խումբերը, Առաջնորդանիստ Սուրբ Սարգիս եկեղեցւոյ մօտէն՝ Մաշտոցի պողոտայով տօնական շքերթով շարժեցան Երեւանի Ազատութեան հրապարակ:
Ազատութեան հրապարակին վրայ տեղի ունենցան տարբեր ձեռնարկներ` մշակութային ուսումնական հաստատութիւններու աշակերտներու նկարներու ցուցահանդէս, ազգային երգ ու պարի կատարումներ, թատերական խումբերու ելոյթներ եւ ազգային խաղեր:
Նշենք, որ Հայ առաքելական եկեղեցին Փետրուար 8-էն կը մտնէ Մեծ Պահքի շրջան: Սովորաբար Բարեկենդան կը կոչուի շաբաթապահքերու եւ Մեծ պահքի նախընթաց օրը: Բարեկենդանին կը թոյլատրուին չափաւոր վայելքներ, խրախճանքներ, խաղեր եւ ուտեստներ: Բարեկենդան բառացի կը նշանակէ կենդանութիւն, բարի կեանք:
Մեծ պահքի բարեկենդանը կը կոչուի Բուն Բարեկենդան, քանի որ ան կը նախորդէ ամենաերկար պահքին: