Արարատեան Հայրապետական թեմը արդէն 3-րդ տարին է, որ մեծ շուքով պիտի նշէ Մեծ Պահքին նախորդող Բուն Բարեկենդանի տօնը: Հայկական դիմակահանդէսի նախապատրաստման գործին մէջ մեծ ներդրում ունին թեմի երիտասարդները, որոնք ճաշացանկէն մինչեւ աւանդական խաղերը ուսումնասիրած են` տօնը պատշաճ իրականացնելու համար:
Արարատեան Հայրապետական Թեմի երիտասարդաց կառոյցներու համակարգող, Առաջնորդանիստ Սուրբ Սարգիս եկեղեցւոյ հոգեւոր սպասաւոր Տէր Պետրոս աւագ քահանայ Մալեան, «Արմէնփրես»ին յայտնած է Փետրուար 7ին կայանալիք Բուն Բարեկենդանի տօնակատարութեան մանրամասնութիւնները:
«Կիրակի օր ժամը 11:00-ին, պիտի մատուցուի Սուրբ պատարագ, որմէ ետք 13:30ին թեմի երիտասարդները, համայնքներու հաւատացեալները, ազգագրական երգի ու պարի համոյթները, Երեւանի տարբեր համայնքները ներկայացնող մշակութային խումբերը պիտի հաւաքուին Առաջնորդանիստ Սուրբ Սարգիս եկեղեցւոյ մօտ, իսկ 14:00-ին պիտի մեկնարկէ տօնական շքերթը: Սուրբ Սարգիս եկեղեցիէն Մաշտոցի պողոտայով պիտի շարժինք դէպի Ազատութեան հրապարակ, ուր նախատեսուած են տարբեր միջոցառումներ», յայտնած է Տէր Պետրոս:
Անոր խօսքով երթին կրնան մասնակցիլ բոլոր փափաքողները, որոնք արդէն Ազատութեան հրապարակի վրայ ականատես պիտի ըլլան ազգային երգի ու պարի, թատերական խումբերու ելոյթներուն, պիտի կարենան դիտել եւ մասնակցիլ ազգային խաղերուն: «Բացի այդ կը բացուի Սուրբ Սարգիսի տօնին նուիրուած տարբեր մշակութային ուսումնական հաստատութիւններու աշակերտներուն նկարներու ցուցահանդէսը, իսկ Բուն Բարեկենդանին նուիրուած ուտեստներու ցուցադրութիւն-վաճառքի հասոյթը պիտի յատկացուի բարեգործութեան», աւելցուցած է քահանան:
Տէր Պետրոսին տեղեկացմամբ` Բուն Բարեկենդանին կը թոյլատրուի ուտել ամէն ինչ, իսկ յաջորդ օրուընէ սկսեալ, երբ կը մեկնարկէ 48օրեայ Մեծ Պահքը, պէտք է անցնիլ ժուժկալ սննդակարգի ու վարքի: Բարեկենդանին նախապատուութիւնը կը տրուի մսեղէնի եւ կաթնեղէնի առատութեան: Տաւարի, ոչխարի եւ թռչնեղէնի միսէն կը պատրաստուին տարբեր ճաշեր, կ՛ուտեն խաշած հաւկիթ, զերծ չեն մնար նաեւ քաղցրեղէնէ: Բուն Բարեկենդանի տօնական սեղանին նախընտրելի է տեսնել փախլաւա, գաթա եւ հալւա: Ինչպէս ժողովրդային խօսքը կ՛ըսէ` «Բուն Բարեկենդանին հաւկիթով կը փակեն բերանները, որ Սուրբ Յարութեան տօնին հաւկիթով ալ բանան»:
Շքերթին երիտասարդները կոչ կ՛ընեն իրենց հետ վերցնել նաեւ դիմակներ` դիմակահանդէսը լիակատար դարձնելու նպատակով:
Բարեկենդան բառացի կը նշանակէ կենդանութիւն, բարի կեանք: Մեծ պահքի բարեկենդանը կը կոչուի Բուն Բարեկենդան, քանի որ կը նախորդէ ամենաերկար պահքին: Բարեկենդանը մարդու երջանկութեան յիշատակն է, որ դրախտի մէջ կը վայելէին Ադամն ու Եւան: Անիկա նաեւ օրինակն է դրախտային կեանքի, ուր մարդուն արտօնուած էր ճաշակել բոլոր պտուղները, բացառութեամբ բարիի եւ չարի` գիտութեան ծառի պուտղէն, որ պահքի խորհրդանիշն է:
Բարեկենդանը առաքինութիւններու արտայայտութիւն է: Այդ օր մարդիկ սուգէն կ՛անցնին ուրախութեան, չարչարանքէն` խաղաղութեան: Այս ընկալումով է, որ իւրաքանչիւր քրիստոնեայ հոգիին մէջ խոնարհումով, ապաշխարութեամբ, պահքով եւ ողորմութեան յոյսով կը սկսի Մեծ պահքի ճամբան: Անիկա կը տեւէ 48 օր` Բուն Բարեկենդանէն մինչեւ Ս. Յարութեան` Զատիկի տօնը: