Թուրքիոյ արեւմտեան շրջաններուն մէջ շարք մը լրագրողներ կը բողոքեն՝ իրենց գործընկերներուն նկատմամբ քրէական հետապնդումներուն դէմ:
Թուրքիոյ դատախազութիւնը հրապարակած է 2015 թուականի Նոյեմբերին ձերբակալուած՝ ընդդիմադիր «Ճումհուրիեթ» թերթի գլխաւոր խմբագիր Ճան Տիւնտարի եւ թերթի Անգարայի գրասենեակի տնօրէն Էրտեմ Կիւլի գործով մեղադրական եզրակացութիւնը, ըստ որուն անոնցմէ երկուքին համար ալ դատախազութիւնը կը պահանջէ ցմահ ազատազրկում:
Տիւնտարը եւ Կիւլը կը մեղադրուին պետական գաղտնիքներ հրապարակելու, ինչպէս նաեւ լրտեսութեան եւ ահաբեկչական գաղտնի կառոյցի անդամակցելու համար:
«Ճումհուրիեթ» թերթի անցեալ տարուան Մայիս ամսուան հրապարակումներու շարքը բացայայտած էր, որ Թուրքիայէն մարդասիրական օգնութեան անուան տակ Սուրիոյ ապստամբներուն զէնք ու զինամթերք կ՛առաքուի: Ճան Տիւնտարի ստորագրութեամբ հրապարակուած էր յօդուած մը եւ տպագրուած էին լուսանկարներ, ուր երեւցող արկղերը լի էին նռնականետերու եւ ականանետերու արկղերով: