ՄԱԿ-ի Գլխաւոր քարտուղար (ԳՔ) Պան Քի Մուն յայտարարած է Մովսէս Աբէլեանը՝ ՄԱԿ-ի Գլխաւոր վեհաժողովի եւ խորհրդաժողովներու կառավարման վարչութեան հարցերով ԳՔ փոխտեղակալ նշանակելու մասին: Այս մասին կը յայտնեն ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութեան լրատուական ծառայութենէն:
Մ. Աբէլեանը ունի խաղաղութեան, անվտանգութեան, հակամարտութիւններու կարգաւորման բնագաւառներու մէջ գործունէութեան 25-ամեայ փորձ, ղեկավարած է Գլխաւոր վեհաժողովի, Անվտանգութեան խորհուրդի (ԱԽ) եւ Ծրագիրներու եւ հիմնադրամներու Գործադիր խորհուրդներու ծիրին մէջ շարք մը գործընթացներ:
2011-ի Ապրիլէն հանդիսանալով ՄԱԿ-ի ԱԽ հարցերով բաժանմունքի տնօրէն` խորհրդատուութիւն տրամադրած է ԱԽ նախագահին, անդամներուն, ինչպէս նաեւ ԱԽ օժանդակ մարմիններուն` ԱԽ աշխատանքներուն, փորձին ու ընթացակարգերուն առնչուող հարցերուն վերաբերեալ: Նախապէս զբաղցուցած է Գլխաւոր Վեհաժողովի Վարչական ու պիւտճէական հարցերով կոմիտէի (5-րդ կոմիտէ) եւ Ծրագիրներու եւ համակարգման հարցերով կոմիտէի քարտուղարի պաշտօնները:
1998-2003-ին եղած է ՄԱԿ-ի մէջ ՀՀ մշտական ներկայացուցիչը, իսկ մինչ այդ` մշտական ներկայացուցիչի տեղակալը: Դիւանագիտական ծառայութեան ընթացքին նախագահած է ՄԱԿ-ի ԳԱ 5-րդ կոմիտէն եւ Մանկական հիմնադրամը, ինչպէս նաեւ հանդիսացած է Զինաթափման յանձնաժողովի փոխնախագահ, խաղաղապահ գործողութիւններու ֆինանսաւորման բարեփոխումներու յատուկ բանակցող եւ ԳԱ 57-րդ նստաշրջանի կազմակերպութեան բարեփոխումներու հարցերով համակարգող:
Դիւանագիտական ծառայութեան անցնելէ առաջ դասախօսած է Երեւանի Պետական Համալսարանի մէջ:
Մ. Աբէլեանը կրթութիւն ստացած է Հայաստանի, Ռուսաստանի եւ ԱՄՆ-ի մէջ:
Ամուսնացած է, ունի երկու որդի: