Հինգշաբթի, 15. 05. 2025

spot_img

Համապատկեր Արեւմտահայ Գրականութեան Հատոր Գ.

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան տպարանէն լոյս տեսաւ՝ Յակոբ Օշականի «Համապատկեր Արեւմտահայ Գրականութեան Երրորդ Հատոր»ը, որուն մէջ ներառնուած են կրտսեր ռոմանթիք քերթողական հեղինակներէն Թովմաս Թէրզեան, Յովհաննէս Սէթեան, Մկրտիչ Աճէմեան եւ Ռէթէոս Պէրպէրեան: Իւրաքանչիւր հեղինակ իր ոճով կրցած է իր ներքին յուզումներն ու սլացքը արտայայտել եւ հարստացնել Արեւմտահայ գրականութիւնը:

2

Գէորգ Մելիտինեցի Գրական Մրցանակի Հրատարակութեան 82-րդն է «Համապատկեր Արեւմտահայ Գրականութեան Երրորդ Հատոր»ի Բ. հրատարակութիւնը, որուն խմբագիրն է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Միաբանութեան անդամներէն Գերշ. Տ. Վարուժան Արք. Հերկելեան:

Հատորը կը հրատարակուի Կիպրոսի հայ հասարակութեան կողմէ՝ հանգուցեալ եւ մեծանուն գրագէտ Յակոբ Օշականի յոբելեանին առիթով գոյացած գումարով: Այս արարքով Կիպրոսի գաղութը իր սրտի նիւթացած տուրքը կը բերէ հայ մշակոյթին:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին