Հինգշաբթի, 27. 03. 2025

spot_img

Արեւմտահայերէնի Նուիրուած Համաժողով Օքսֆորտի Մէջ

Օքսֆորտի համալսարանի արեւելագիտութեան բաժանմունքի նախաձեռնութեամբ եւ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի օժանդակութեամբ, կայացաւ «Արեւմտահայերէնը 21-րդ դարուն» եռօրեայ համաժողովը (Յունուար 21-23): Համաժողովին կը մասնակցէին արեւմտահայերէնի պահպանման եւ լեզուին ապագայի խնդիրներով մտահոգ գրողներ, գրական, կրթական, հասարակական գործիչներ, նշանաւոր համալսարաններու հայագիտական ամպիոններու դասախօսներ, հրատարակիչներ եւ արեւմտահայերէն մամուլի ներկայացուցիչներ, կը հաղորդէ  Գ. Կիւլպէնկեան հիմնարկի մամլոյ գրասենեակը:

2010-ի Փետրուարին ժամանակակից հայերէնի երկու ճիւղերէն մէկը՝ արեւմտահայերէնը, ընդգրկուած էր ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի «Աշխարհի վտանգուած լեզուներ»ու ցանկին մէջ՝ ստանալով «հաստատապէս վտանգուած» կարգավիճակ:

Համաժողովի կազմակերպիչները մտահոգութիւն յայտնելով այդ որոշումին առթիւ՝ քննարկած են արեւմտահայերէնը աւելի լայն ծրագիրներով պահպանելու, ժամանակակից կապի միջոցներ օգտագործելու եւ Սփիւռքի նոր սերունդին մէջ արեւմտահայախօսութիւն տարածելու նոր հնարաւորութիւնները:

Համաժողովի համակազմակերպիչ, Օքսֆորտի համալսարանի դասախօս Հրաչ Չիլինկիրեան նշած է, որ այս առաջին անգամն է, որ Եւրոպայի նշանաւոր ու հնագոյն համալսարաններէն մէկուն մէջ կը կազմակերպուի արեւմտահայերէնին նուիրուած համաժողով մը, որուն բոլոր զեկոյցներն ու քննարկումները կ՛ընթանան արեւմտահայերէնով:

Ըստ կազմակերպիչներուն արեւմտահայերէնի պահպանման նուիրուած համաժողովները շարունակական պիտի ըլլան:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին