Չորեքշաբթի, 22. 01. 2025

spot_img

Ան – Մարդկային

*ԱԼԵՔՍ ԱՇՃԵԱՆ*

Ցուրտ եւ անձրեւոտ յետմիջօրէ մըն էր: Բարեկամի մը այցելութենէ արագ քայլերով տուն կը վերադառնայի: Ճամբան պատշգամի մը տակ պատսպարուած, ցուրտ մայթին վրայ նստած գնչու կին մը տեսայ: Ան գիրկը ունէր մօտաւորապէս վեցամսեայ երախայ մը: Հազիւ որ զիս տեսաւ, ձեռքը երկարեց մուրալով: Ետքը ձեռքով նշան ըրաւ գիրկի մանուկը ցոյց տալով՝ որպէսզի հասկցնէր, թէ իր խնդրած օգնութիւնը այդ անմեղ երախային համար էր: Կեցայ. ծռեցայ եւ ըսի իրէն՝ ի՞նչ կ’ընես. մեղք չէ այս խեղճ երախային: Փորձեցի իր մայրական զգացումներուն խօսիլ, փոխանակխօսքս ուղղակիօրէն իրեն ուղղելու: Կարծէք չլսեց խօսքերս, ոչ իսկ ձայնս: Շարունակեց աղաչել միշտ գիրկի երախան ցոյց տալով: Ես իրեն համար «հարուստ որս» մըն էի, որովհետեւ հակազդած էի իր աղաչանքին: Կարեւոր չէր, թէ ինչ կ’ըսէի, կարեւորըիրեն համար մի քանի ղուրուշ փրցնելն էր ինձմէ: Պատշաճ օգնութիւնը ըրի եւ հեռացայ: Մինչ ճամբաս կը շարունակէի, միտքս եկաւ հեղինակ եւ ուսուցիչ – քարոզիչ Սթիւ Գլարքի (Steve Clark)խօսքը, որ կ’ըսէ. «Մարդը՛այն միակ էակն է, որ կրնայ իր բնութեան հակառակ գործել»: Չենք տեսներ շուն մը, որ իր շունութեան հակառակ կը վարուի, ոչ ալ առիւծ մը իր առիւծ ըլլալուն: Բայց կրնանք տեսնել մարդը, որ կը վարուի ան – մարդկայնօրէն: Այս գնչու կնկան ըրածը ան – մարդկային էր բոլոր չափանիշերով:

Երբ կը տեսնենք Տաէշի վայրագութիւնը, անմիջապէս մեր միտքը կու գայ, թէ ասոնք մարդկային որեւէ զգացումէ զուրկ էակներ են: Այս էակներուն վայրագութիւնները ան – մարդկային են:

Ի տես Տաէշի վայրագութիւններուն, իսլամ կրօնաւորներու լրութիւնը այս վիճակին հանդէպ եւ անոնց բարբարոսութիւնները պաշտօնապէս չդատապարտելը ան – մարդկային է:

Միւս կողմէ աշխարհի մնացեալ ղեկավարներու դիտումնաւոր ձեւով կուրութիւնը վայրագութիւններուն եւ լրութեան հանդէպ, ան – մարդկային է:

Հայեր, (ներկայ) աշխարհի այս լաբիւրինթոսը տեսնելէ ետք, կրնա՞ք կռահել, թէ հայկական ջարդերը ինչպէս կատարուեցան :

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին