Թուրքիոյ հարաւարեւելեան Շըրնաք նահանգի Սիլոփի շրջանին մէջ, պարէտային ժամի դադրեցումէն ետք առաջին անգամ փողոցներու մէջ կատարուած լուսանակարները դաժան տեսարաններ ցոյց կու տան, կը գրէ ermenihaber.am-ը:
Պարէտային ժամը, որ սկսած էր նախորդ տարուան Դեկտեմբեր 14-ին, դադրեցուած է մասնակի` շուրջօրեայ պարէտային ժամը փոխարինուած է գիշերայինով: Բնակիչները կրնան փողոց ելլել առաւօտեան 05:00-էն մինչեւ 18:00-ը:
Թրքական «Ճումհուրիէթ» թերթը կը գրէ, որ պարէտային ժամը հանուելէ յետոյ, նոյնիսկ ժողովուրդը դուրս չի գար տուներէն` վախնալով արձակազէններէ: Սիլոփի շրջանի որոշ շէնքերը աւերուած են, 7 թաղամասի մէջ ջուրի եւ կոյուղիի ցանցը ամբողջութեամբ ոչնչացած է:
Թերթը կը գրէ, որ ուշադրութիւն կը գրաւեն յատկապէս շէնքերու պատերուն վրայ եղած գրութիւնները. «Հայ փիճեր» (պոռնկորդի), «Եալչընհանի խումբ», «PÖH» (Ոստիկանութեան յատուկ գործողութիւններ): Փողոցները լի են կենդանիներու դիակներով, որոնք ըստ բնակիչներու տեղեկութիւններուն կամ գնդակահարուած են եւ կամ սատկած են սովէն: