Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի (ԱԺ) «Հայրենիք», «Դաշնակցութիւն», «Ժողովրդավարութիւն», «Շարժում-88» եւ «Վերածնունդ» խմբակցութիւնները համատեղ յայտարարութիւն մը տարածած են՝ ԵԽԽՎի մէջ հակահայկական զեկոյցներուն վերաբերեալ:
Այս մասին կը տեղեկացնեն ԼՂՀ Ազգային ժողովի մամուլի ծառայութենէն: Ստորեւ կը ներկայացնենք յայտարարութիւնը ամբողջութեամբ:
«Եւրոպայի խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովի (ԵԽԽՎ) ձմեռային նստաշրջանի օրակարգին մէջ, Ռապըրթ Ուոլթըրի «Բռնութեան աճը Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ազրպէյճանի այլ գրաւեալ տարածքներուն մէջ» ու Միլիցա Մարքովիչի «Ազրպէյճանի սահմանամերձ շրջաններու բնակիչները միտումնաւոր զրկուած են ջուրէ» զեկոյցներուն հիման վրայ պատրաստուած՝ երկու բանաձեւերու նախագիծերուն ընդգրկումը լուրջ անհանգստութիւն յառաջացուցած է Արցախի հանրային շրջանակներու եւ ԱԺի մէջ ներկայացուած քաղաքական ուժերուն մօտ:
«Ղարաբաղեան կողմը միշտ ալ պատրաստակամ եղած է միջազգային կառոյցներու հետ համագործակցութեան հարցերով, սակայն մենք անընդունելի կը համարենք միակողմանի եւ կանխակալ զեկոյցներն ու անոնց տեղ գտած ձեւակերպումները: Ակնյայտ է, որ նշուած զեկոյցներն ու նախագիծերը` ԵԽԽՎ չափորոշիչներու եւ սկզբունքներու խախտմամբ, կազմուած են միայն մէկ` ազրպէյճանական կողմի տեսակէտներու հիման վրայ` հաշուի չառնելով հայկական կողմերու առաջարկները եւ ազրպէյճանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման միակ միջազգային միջնորդ կառոյցի` ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահութեան դիրքորոշումը:
«Ազրպէյճանա-ղարաբաղեան զօրքերու շփման գիծին վրայ լարուածութեան աճի հենքին՝ Ազրպէյճանի ռազմատենչ կեցուածքը սատարող բանաձեւերու ընդունումը, Պաքուի իշխանութիւններուն ոչ միայն հնարաւորութիւն կու տայ շարունակելու լարուածութեան նուազեցման ուղղութեամբ՝ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահներու առաջարկութիւններուն անտեսումը, այլեւ կրնայ ընկալուիլ որպէս հակամարտութիւնը ուժային մեթոտներով լուծելու քարթ-պլանշ:
«Որեւէ կողմնակալ եւ միջազգային միջնորդներու հետ չհամաձայնեցուած գործողութիւն՝ կրնայ խախտել այն փխրուն հաւասարակշռութիւնը, որ ներկայիս լարուած իրավիճակը կը բաժնէ լայնածաւալ պատերազմէ:
«Նկատի առնելով վերոնշեալը եւ ընդունելով Եւրոպայի խորհուրդը` որպէս մարդու իրաւունքներու եւ հիմնարար ազատութիւններու պաշտպանութեան, իրաւական պետութեան եւ օրէնքի գերակայութեան սկզբունքներու տարածման առաջատար կառոյց, մենք` Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի բոլոր պատգամաւորական խմբակցութիւններու ներկայացուցիչներս, կոչ կ՛ընենք Խորհրդարանական վեհաժողովի մեր յարգարժան գործընկերներուն՝ հաւատարիմ ըլլալ Եւրոպայի խորհուրդի նպատակներուն ու առաքելութեան եւ զերծ մնալ տարածաշրջանի կայունութիւնն ու խաղաղութիւնը վտանգող փաստաթուղթերու ընդունումէ»: