Երկուշաբթի, 09. 06. 2025

spot_img

Հայոց Ցեղասպանութեան Նուիրուած Արաբերէն Առաջին Ֆիլմը Կը Ներկայացուի Նիւ Եորքի Ֆիլմի Փառատօնին

«Ո՞վ սպաննեց հայերը». Հայոց Ցեղասպանութեան մասին արաբերէն առաջին վաւերագրական ֆիլմը պիտի ներկայացուի Նիւ Եորքի «Socially Relevant Film» ֆիլմի փառատօնին` խաղարկային-վաւերագրական ֆիլմ անուանակարգին մէջ: Այս մասին ըստ «Հայերն Այսօր»ի կը տեղեկացնէ Եգիպտոսի Հայ Դատի յանձնախումբի անդամ Արմէն Մազլումեան:

«Ո՞վ սպաննեց հայերը» ֆիլմը նկարահանած են բեմադրիչ Մուհամատ Հանաֆին եւ լրագրող, հաղորդավար Մարիամ Զաքին: Ֆիլմին մէջ ներկայացուած է 100 տարի առաջ թուրքերու կողմէ իրականացած Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Ֆիլմին մէջ կը ներկայացուին բազմաթիւ արխիւային նիւթեր եւ լուսանկարներ, որոնցմէ շատերը կը հրապարակուին առաջին անգամ եւ կը հաստատեն 1915-ի Ցեղասպանութեան իրողութիւնը: Իսկ վերապրածներու վկայութիւնները կը հաստատեն, որ թուրքերու կողմէ իրականացած Ցեղասպանութիւնը նախապէս ծրագրուած եղած է: Նկարահանումները կատարուած են Հայաստանի, Եգիպտոսի եւ Լիբանանի մէջ:

Ֆիլմի անդրանիկ ցուցադրութիւնը տեղի  ունեցած է Նոյեմբեր 8-ին Գահիրէի մէջ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին