Չորեքշաբթի, 02. 07. 2025

spot_img

ՀԲԸՄի Երիտասարդ Արհեստավարժներու Ձեռնարկը Ի Նպաստ Սուրիահայութեան

Հիւսիսային Քալիֆորնիոյ ՀԲԸՄի Երիտասարդ արհեստավարժներ կազմակերպութեան նախաձեռնութեամբ, Օքլընտի քաղաքամէջի սրահի մը մէջ տեղի ունեցած է խնդուքի երեկոյ, որուն հասոյթը պիտի տրամադրուի սուրիահայութեան կարիքները հոգալու ջանքերուն։ Այս մասին կը հաղորդէ ԱՄՆի «Ասպարէզ» օրաթերթը։

Ձեռնակին կամաւոր մասնակցած են Լոս Անճելոսէն կատակաբաններ Մայքըլ Պրենտըն, Պեն Ֆելտմըն, Մերի Պասմաճեան եւ Կրեկ Ասատուրեան։

Ելոյթներ ունեցած են նաեւ՝ Հիւսիսային Քալիֆորնիոյ ՀԲԸՄի Երիտասարդ արհեստավարժներու շուկայական հարցերու վարիչ Ափիկ Զօրեան եւ երգիչ Նազօ Պրաւօ։

Հիւսիսային Քալիֆորնիոյ ՀԲԸՄի Երիտասարդ արհեստավարժները այժմ սկսած են նախապատրաստական աշխատանքներ կատարելու՝ իրենց տարեկան 16րդ ձմեռային հաւաքոյթին, որ տեղի պիտի ունենայ Սան Ֆրանսիսքոյի մէջ Փետրուար 12-14ին եւ որուն հասոյթը նմանապէս պիտի տրամադրուի սուրիահայութեան։ Անոր մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար դիմել norcal@agbuyp.org հասցէին կամ այցելել www.agbusfwintergala.org կայքը։

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին