Հայաստանի զարգացման հիմնադրամը հայաստանեան եօթ ընկերութիւններու հետ համատեղ, առաջին անգամ պիտի ներկայացնեն Հայաստանը Յունուար 19-22ին Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցող «MOSSHOES-2016» միջազգային մասնագիտացած ցուցահանդէսին:
Ըստ News.am-ի Հայաստանի զարգացման հիմնադրամի մամուլի ծառայութենէն կը յայտնեն, որ ցուցահանդէսին կը մասնակցին կօշիկ եւ կաշիէ պարագաներ արտադրող աւելի քան 500 առաջատար ընկերութիւններ՝ շուրջ 30 երկիրներէ, իսկ ցուցահանդէսի միջին այցելութիւնը կը կազմէ 10-12 հազար մարդ, որ կազմուած է յատկապէս մասնագէտներէ, առեւտրային ցանցերու ներկայացուցիչներէ ու մեծածախ գնորդներէ:
Արեւելեան Եւրոպայի ամենամեծ մասնագիտացած այս ցուցահանդէսին իրենց արտադրանքը կը ներկայացնեն՝ կօշիկ եւ կաշիէ պարագաներ արտադրող հայաստանեան «Զէննի», «էլեն 93», «Արմօ Կրուփ», «Մաքսոլ», «Բաբիննի», «Բենիտօ» ընկերութիւնները եւ ԱՁ «Արմէն Սրապեան»ը: Ցուցահանդէսի ծիրէն ներս կը նախատեսուի կազմակերպել նաեւ յատուկ գործարար ծրագիր, որ մասնակիցներուն հնարաւորութիւն պիտի տայ ստանալու մասնագիտական աջակցութիւն եւ ընդլայնելու արտահանման հնարաւորութիւնները:
«Եթէ դիտարկենք ցուցահանդէսի մասնակիցներուն աշխարհագրութիւնը եւ շուկայի ընդգրկումը, ապա վստահաբար կարելի է ըսել, որ ան շատ արդիւնաւէտ հարթակ է հայկական արտադրողներու եւ մեծածախ գնորդ-կազմակերպութիւններու համար գործնական պայմանաւորուածութիւններու ձեռքբերման, արտահանման հնարաւորութիւներու բազմազանացման եւ նոր պայմանագրերու կնքման համար: Հայաստանի զարգացման հիմնադրամը հայկական ընկերութիւններու մասնակցութիւնը կազմակերպած է արտահանման խթանման, մեր արտադրանքի ճանաչելիութեան բարձրացման եւ ամրապնդման նպատակով», նշած է Հայաստանի զարգացման հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Արման Խաչատրեան: