Հինգշաբթի, 16. 01. 2025

spot_img

Իտալիոյ Մէջ Հրատարակուած Է Հայերէն-Իտալերէն Եւ Իտալերէն-Հայերէն Նոր Բառարան

Իտալիոյ մէջ տպագրուած է հայերէն (արեւելահայերէն)-իտալերէն եւ իտալերէն-հայերէն (արեւելահայերէն) միակ բառարանը, որուն պաշտօնական ներկայացուցիչ ճանչցուած է իտալական HOEPLI յայտնի հրատարակչութիւնը: Ան պաշտօնապէս պետական ճանաչում ստացած է Իտալիոյ մէջ:

Այս մասին ըստ «Հայերն Այսօր»ի կը տեղեկացնէ բառարանի համահեղինակ Ռուզաննա Յարութիւնեան:

Նախապէս  Հայաստանի մէջ տպագրուած բառարանները եւ արեւմտահայերէն տպագրութիւնները պաշտօնապէս չեն ճանչցուած Իտալիոյ մէջ: Բառարանը կը պարունակէ 20000 բառ, բառակապակցութիւններ, ասացուածքներ եւ տառադարձութիւններ: Առաջին անգամ  ներկայացուած է արեւելահայերէնի հնչիւնաբանութիւնը (HOPELI յայտնի հրատարակչութիւնը որպէս հիմք ընդունած է հայերէն տառերու հնչիւնակազմութիւնը` հիմնուած պետական լեզուի մէջ օգտագործուող հնչիւնական համակարգին):

Բառարանը հնարաւոր է պատուիրել առցանց յղումով` https://www.hoepli.it/l…/dizionario-armeno/9788820367381.html”

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին