Չորեքշաբթի, 22. 01. 2025

spot_img

Սերկէյ Խաչատրեան Համերգներով Հանդէս Պիտի Գայ ԱՄՆի Եւ Սպանիոյ Մէջ

Աշխարհահռչակ ջութակահար Սերկէյ Խաչատրեան, ԱՄՆի  եւ Սպանիոյ մէջ համերգներ պիտի ունենայ: Այս մասին «Արմէնփրես» լրատուական գործակալութեան մամուլի սրահին մէջ կայացած ասուլիսի ժամանակ նշեց ճանչցուած ջութակահարը:

«ԱՄՆի Պալթիմորի մէջ պէտք է նուագեմ: Երեք համերգով Baltimore Symphony նուագախումբին հետ հանդէս կու գամ, յետոյ Սպանիոյ` Մատրիտի մէջ, համերգներ կ’ունենամ: Սիպելիուսի ջութակի համերգը պիտի կատարեմ», ­նշեց Սերկէյ Խաչատրեան:

Baltimore Symphony նուագախումբի պաշտօնական` bsomusic.org կայքէն կը տեղեկանանք, որ Սերկէյ Խաչատրեանի մասնակցութեամբ համերգները տեղի կ’ունենան Յունուար 29­ին, 30ին եւ 31­ին: ocne.mcu.es­-ը կ’աւելցնէ, որ Սպանիոյ մէջ կայանալիք համերգները տեղի կ’ունենան Փետրուար 26­ին, 27ին եւ 28­ին:

Աշխարհահռչակ ջութակահար Սերկէյ Խաչատրեան կը բնակի Գերմանիոյ մէջ: Ջութակ նուագել սկսած է վեց տարեկանին` փրոֆէսոր Պետրոս Հայկազեանի մօտ: Յետագային ուսումը կը շարունակէ Վիւրցպուրկ քաղաքին մէջ: 9 տարեկանին Խաչատրեան առաջին անգամ հանդէս կու գայ սիմֆոնիկ նուագախումբի հետ որպէս մենակատար: Փոքր տարիքէն մենահամերգներով եւ որպէս մենակատար` սիմֆոնիկ նուագախումբերու հետ հանդէս եկած է աշխարհի շուրջ 50 երկիրներու մէջ:

Որպէս կանոն տարեկան 1–2 համերգով հանդէս կու գայ Հայաստանի մէջ: Սերկէյ Խաչատրեան 2013 թուականին ստացած է զուիցերիական Credit Swiss դրամատան ամէնամեայ մրցանակը` որպէս «Աշխարհի լաւագոյն երիտասարդ երաժիշտ»:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին