Շաբաթ, 17. 05. 2025

spot_img

Ցաւակցագիր

Ազնուափայլ Ընկերուհի Հերմինէ,

Յարգելի ընկերներ Նուպար, Ասպետ, Շահնուր եւ Անդրանիկ Կրտսեր,

Սիրելի Հարազատներ Քեշիշեան Ընտանիքի

Սրտի խոր կսկիծով իմացանք մեր սիրեցեալ աւագ ընկերոջ, ձեր ամուսնոյն եւ հօր՝ ընկեր Անդրանիկ Քէշիշեանի մահուան գոյժը:

Մեր սիրեցեալ Անդրանիկը հայրենասէր ու կուսակցանուէր ընկեր մըն էր, որուն հետ պատիւը ունեցանք ատենին գործակցելու միասնաբար՝ վերակազմակերպելու եւ ոտքի բերելու Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան ու Թէքէեան Մշակութային Միութեան Ֆրանսայի եւ Եւրոպայի համայն շրջանակը: Իր անդամակցութիւնը մեր համեստ անձին գլխաւորած ՌԱԿ Ֆրանսայի Շրջանային Վարչութեան մէջ, միշտ ալ կենսական եղած էր՝ շնորհիւ իր տարած անձնուէր եւ վիթխարի աշխատանքին։  Նուազ յիշատակելի չէ մեր հետ իր տարած Միութենական աշխատանքը ՀԲԸՄի Ֆրանսայի  շրջանակին մէջ, ուր ողբացեալին հետ միասին կազմակերպած ենք ՀԲԸՄի Եւրոպայի Երիտասարդականի Նաւասարդեան խաղերը Ֆրանսայի եւ Զուիցերիոյ զանազան քաղաքներուն մէջ: Ան մեր վկայութեամբ երկար ժամանակ վարած է նաեւ ՀԲԸՄի Հարաւային Ֆրանսայի գործիչի պաշտօնը:

Ընկեր Անդրանիկը իր եռանդուն ոգիով եւ բոլորին կողմէ սիրուած նկարագիրով ոգեւորիչ տարր մըն էր, որ կարողութիւնը ունէր իր շուրջ հաւաքելու նոյն նպատակին նուիրուած անձեր՝ միասնաբար ծառայելու մեր սիրելի ժողովուրդին:

Անփոխարինելի կորուստ մըն է Ընկեր Անդրանիկ Քէշիշեանի նման Ռամկավար Ազատականի մը մահը, որուն տիպար օրինակն ու իր ձգած աւանդը տակաւին երկար պիտի յիշուի՝ իր ընկերներուն եւ ապագայի սերունդներուն կողմէ:

Կողակիցս Անին կը միայանայ ինծի՝ յայտնելու ձեզի հոգեհարազատ սիրելիներ իր խորզգաց ցաւակցութիւնները:

Թող, որ ընկեր Անդրանիկի յիշատակը մնայ անթառամ:

Ընկերական սիրով՝

ՅԱԿՈԲ  ԳԱՍԱՐՃԵԱՆ

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին