Քիւրտերուն դէմ մաքրման գործողութիւնները անվտանգութեան ուժերը պիտի շարունակեն մինչեւ վերջ: Այսպիսի յայտարարութիւն ըրած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեպ Թայիպ Էրտողան:
Թրքական «Թարաֆ» պարբերականի փոխանցմամբ` Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեպ Թայիպ Էրտողան խիստ յայտարարութեամբ հանդէս եկած է՝ իրենց իրաւունքներու եւ անվտանգութեան համար դիմադրութեան ելած քիւրտերու հասցէին:
Մերբոլորանվտանգութեան ուժերը` զինուորականները, ոստիկանները եւ կամաւոր գիւղի պահապանները այնտեղ «մաքրման» գործողութիւններ կ՛իրականացնեն ու պիտի շարունակեն մինչեւ վերջ: Ձեր փորած խրամատներուն մէջ պիտի ոչնչացուիք »,News.am-ի փոխանցմամբ ըսած է Էրտողան:
Ի՞նչ կարելի է աւելցնել երիտթրքական եռեակի՝Թալաաթ, Ճեմալ եւ Էնվէր ու անոնց ժառանգորդ՝ հանրապետական Թուրքիոյ հայր յորջորջուած, ինքզինք Աթաթուրք՝ թուրքերու հայր կոչած Մուսթաֆա Քեմալի արժանաւոր յաջորդ, սուլթանական հովերով տարուած Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի վերի խօսքերուն՝ բացի անկէ, որ Հայոց Ցեղասպանութենէն ետք թուրքերու մէջ տարածուած էր այն խօսքը, որ կ՛ըսէր «ծօն վերջացաւ, կարգը լօին եկաւ», նկատի ունենալով այն պարագան, որ իրար դիմելու ատեն հայերը ծօ կ՛ըսեն, իսկ քիւրտերը լօ։ Աթաթուրքը եւ իր յաջորդները այդ լօերու ապստամբութիւնները ջարդելով վերջացնելու գործը բաւական յաջողութեամբ իրականացուցին, որոնց ճամբայէն հարազատօրէն կ՛ընթանայ Էրտողան։
Այստեղ պէտք է նշել, որ քիւրտերուն զանազան սուտ խոստումներով օգտագործելով եւ հայոց ջարդել տալով ու յետոյ անոնց ոչ մէկ բան չտալով զանոնք ինքնաբերաբար ապստամբութեան մղելով ու անոնց ջարդելով, թրքական պետութիւնը դիւանագիտական ստորութեան բաժնէ որ տիրես սկզբունքը կը գործադրէ, որմէ դաս չեն քաղեր քիւրտերը, այժմ ալ իրար միջեւ բաժնուած ըլլալով եւ հարկ եղած ատեն զիրար ալ ջարդելով ու թրքական խաղին մէջ իյնալով, կիսկատար իբր թէ մեզմէ՝ հայերէն ներողութիւն խնդրելով իրենց մեր դէմ կատարած վայրագութեանց համար, սակայն մեծամտաբար ու անխոհեմօրէն մեր հողերը իբր իրենցը ներկայացնելով այն պատճառաբանութեամբ, որ հիմա այնտեղ քիւրտեր կը բնակին, անշուշտ առանց նշելու, որ անոնց բացարձակ մեծամասնութիւնը հայու ծագում ունին…։ Այս պատճառով ալ թրքական պետական նենգութիւնը կը յաջողի եւ իրենք զանազան կողմերու գործիքը դարձած՝ առ այժմ ուրիշներու հաշւոյն կը կռուին ազատագրական պատերազմ մղելու անուան տակ։
Խմբ.