Հինգշաբթի, 27. 03. 2025

spot_img

Հայոց Ցեղասպանութեան Պատճառով Արժանթինի Ֆութպոլային Ակումբը Չի Համագործակցիր Turkish Airlines-ի Հետ

Արժանթինի Ֆութպոլի 8-եակի ախոյեան «Ռասինկ»ը հրաժարած է համագործակցիլ թրքական օդանաւային ընկերութեան՝ Turkish Airlines-ի հետ:

Արժանթինեան ակումբը կը բանակցէր թրքական օդանաւային ընկերութեան հետ, սակայն Հայոց Ցեղասպանութեան պատճառով հրաժարած է համագործակցելէ, NEWS.am-ի փոխանցմամբ կը գրէ Apertura.com-ը:

«Ռասինկ» ակումբի պաշտօնական կայքին մէջ, Հարաւային Ամերիկայի հայ երիտասարդական միութիւնը շնորհակալական ուղերձ հրապարակած է:

«Ֆութպոլի մարզաշապիկն ու ակումբի գոյները պէտք է աղտոտած չըլլան: Անոնք կը նոյնացնեն ակումբը իր համակիրներուն համար: Այդ պատճառով աշխարհի մէջ ոչ մէկ համակիր չի ցանկար, որ իր սիրելի խումբը հովանաւորէ ընկերութիւն մը այնպիսի երկրէ մը, որուն ղեկավարութիւնը խախտած է մարդու իրաւունքները», յայտարարած է Հարաւային Ամերիկայի հայերու երիտասարդական միութեան ղեկավար Ալֆոնսօ Թաբեկեանը:

Յիշեցնենք, որ անցեալ տարի արժանթինեան «Սան Լորենցօ»ն Հայաստանի համար հրաժարած էր ազրպէյճանական ընկերութեան հետ համագործակցելէ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին