2015 թուականի Յունուար-Հոկտեմբեր ամիսներուն, նախորդ տարուան նոյն ժամանակահատուածին համեմատ, գորգերու եւ գորգեղէնի արտադրութեան ծաւալը Հայաստանի մէջ աճած է 4.8%-ով:
ՀՀ Ազգային վիճակագրական ծառայութեան (ԱՎԾ) փոխանցած տեղեկութիւններով` եթէ 2014-ի երրորդ եռամսեակին հանրապետութեան մէջ արտադրուած է 35.6 թոն գորգ եւ գորգեղէն, այս տարուան նոյն ժամանակահատուածին` 37.3 թոն:
Ինչ կը վերաբերի բրդեղէնին՝ այս տարուան Յունուար-Հոկտեմբերին Հայաստանի մէջ արտադրուած է 3 125.1 հազար հատ բրդեղէն, իսկ 2014-ի Յունուար-Հոկտեմբերին` 1 814.4 հազար հատ: Այստեղ աճը կը կազմէ 72.2%:
Ըստ ԱՎԾ-ի` 46.4 տոկոսով աճած են նաեւ գուլպեղէնի արտադրութեան ծաւալները. 2015-ի Յունուար-Հոկտեմբերին արտադրուած է 5 691.2 հազար զոյգ գուլպեղէն, իսկ 2014-ին` 3 887.3 հազար զոյգ:
ԱՎԾ-ի փոխանցմամբ նշուած ժամանակահատուածին նուազած են բամպակեայ գործուածքներու արտադրութեան ծաւալները: Եթէ 2014-ի երրորդ եռամսեակին հանրապետութեան մէջ արտադրուած է 10.8 թոն բամպակեայ գործուածք, մինչ այս տարուան նոյն ժամանակահատուածին 7 թոն, որ 35.2 տոկոսով պակաս է: