Երեքշաբթի, 10. 09. 2024

spot_img

Սուրիահայ Երախաներու Կայուն Զարգացումը Հայաստանի Մէջ

Հայկական Կարմիր խաչի ընկերութիւնը` Դանիական Կարմիր խաչի հետ համագործակցութեամբ 2015 թուականի Օգոստոսէն կ’իրականացնէ՝ «Սուրիահայ երախաներու կայուն զարգացումը Հայաստանի մէջ» ծրագիրը, որ պիտի տեւէ մէկ տարի: Այս մասին կը հաղորդէ «Հայերն Այսօր»ը:

Ծրագիրը մշակուած է Կարմիր խաչի (Կարմիր մահիկի Ազգային ընկերութիւններու ֆետերասիոնի) (ԿԽՄՖ) եւ «Սէյվ տը Չիլտըրըն» հիմնադրամին կողմէ՝ համատեղ մշակուած մեթոտի հիման վրայ: Ծրագիրին նպատակն է աջակցիլ Հայաստանի մէջ սուրիահայ երախաներու ընդելուզման գործընթացին եւ կայուն զարգացման:

Կազմակերպչական ծաւալուն աշխատանքներէն յետոյ` 2014 թուականի Նոյեմբերէն, Երեւանի  13 դպրոցներու մէջ` ինչպէս նաեւ մեր դպրոցին մէջ, կը կազմակերպուին ծրագիրով նախատեսուած պատկերաւոր դասընթացքներ` սուրիահայ եւ տեղացի երախաներու մասնակցութեամբ:

Երախաները դասընթացքներուն կը մասնակցին մինչեւ 18 անձէ բաղկացած խումբերով եւ ոչ պաշտօնական մեթոտներով` դերախաղեր, քննարկումներ, նկարչութիւն, պար եւ այլն, անդրադառնալով այնպիսի խնդիրներու, ինչպիսին են վախի եւ ճնշումի յաղթահարում, շրջակայ միջավայրի ճանաչում, ապագայի կառուցում եւ այլն: Դասընթացներէն բացի կազմակերպուած են շրջագայութիւններ, ամառնային ճամբար եւ ծառատունկ դպրոցին մէջ:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին