Հայաստանի ազգային ֆիլհարմոնիք նուագախումբի (ՀԱՖՆ) եւ VIVAcell-MTS-ի համագործակցութիւնը ունի վեց տարուան բովանդակ եւ յագեցած պատմութիւն: Այս գործակցութեան շնորհիւ Ֆիլհարմոնիք նուագախումբը իրականացուցած է բազմաթիւ նախագիծեր թէ՛ Հայաստանի ու Արցախի եւ թէ արտերկրի մէջ:
Ընկերութեան մամուլի ծառայութեան փոխանցումով` միայն վերջին երկու տարուան ընթացքին նուագախումբը հինգ շրջագայութեամբ եղած է Իտալիոյ, Աւստրիոյ, Գերմանիոյ, Սքանտինաւեան երկիրներու, ԱՄՆի, Մեքսիքոյի եւ Լիբանանի մէջ:
«Այսօրուան աշխարհը լի է անտարբերութեամբ եւ դաժանութեամբ: Մեղմ եւ դրական մթնոլորտ, հաճելի տրամադրութիւն ստեղծելու գործին մէջ անչափ կարեւոր է արուեստի դերը: Երաժիշտը եւ արուեստագէտը պէտք չէ ծանրաբեռնուած ըլլան տարբեր հոգերով` իրենց առաքելութիւնը լիարժէք իրականացնելու համար: Դասական երաժշտութիւնը, որ կը ներկայացնէ այս նուագախումբը, պէտք է կատարողներու սիրտէն հասնի իւրաքանչիւր ունկնդիրի հոգիին: Անոնցմէ իւրաքանչիւրը պէտք է դառնայ հասարակութեան մարդկային լաւ որակներ փոխանցող, բարձր արժէք թելադրող եւ կրթող դեսպան: Արդէն վեց տարի մենք կ՛աջակցինք այս նուագախումբին` զանոնք դիտարկելով իբրեւ այդ առաքելութիւնը իրականացնող պատուիրակներ», ըսած է VIVAcell-MTS-ի գլխաւոր տնօրէն Ռալֆ Եիրիկեան:
Անցնող գարնան նուագախումբը հիւրընկալուած է Ֆինլանտայի Դամբերէ, Դանիայի Քոբենհակըն եւ Օլպորկ քաղաքներուն մէջ, ապա Նորվեկիոյ մայրաքաղաք Օսլոյի մէջ: Իսկ Ուաշինկթընի, Լոս Անճելոսի եւ Մեքսիքոյի ամենահեղինակաւոր համերգասրահներուն մէջ, ներկայացած է Մեծ Եղեռնի 100ամեայ տարելիցին նուիրուած համերգաշարով` արժանանալով հանդիսատեսի ջերմ ընդունելութեան եւ քննադատներու բարձր գնահատանքին: Ուշագրաւ իրադարձութիւններու շարքին է նաեւ Լիբանանի հանրայայտ Պէյթըտտինի արուեստներու փառատօնին նուագախումբին ելոյթը:
Մինչեւ տարեվերջ` Նոյեմբեր 29ին, Դեկտեմբեր 2ին եւ 3ին ֆիլհարմոնիքը հիւրախաղերով հանդէս պիտի գայ Լեհաստանի մայրաքաղաք Վարշաւայի եւ Գերմանիոյ Լիւտուիքսհաֆէն քաղաքին մէջ (2 համերգ): Ծրագիրը կը ներառէ Ռիմսգի-Գորսագովի «Սպանական Գաբրիչիօ»ն, Խաչատրեանի Ջութակի քոնսերթը, Շոփենի թիւ 1 Դաշնամուրի քոնսերթը եւ Չայքովսքիի թիւ 1 եւ թիւ 6 սիմֆոնիաները: Իբրեւ մենակատարներ հանդէս պիտի գան ջութակահարուհի Անոյշ Նիկողոսեանը եւ դաշնակահարուհի Սոֆիա Փաչինին (Գերմանիա): Հիւրախաղային այս ծրագիրը Նոյեմբեր 26ին ներկայացուուեցաւ նաեւ Երեւանի մէջ: Շոփենի թիւ 1 Դաշնամուրի քոնսերթի կատարումով հանդէս եկաւ միջազգային մրցոյթներու դափնեկիր, երիտասարդ դաշնակահար Կարէն Յակոբեանը (ԱՄՆ):
Հայոց Ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցին նուիրուած բոլոր շրջագայութիւնները կայացած են ՀՀ Կառավարութեան, Մշակոյթի նախարարութեան եւ Ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցի ձեռնարկները համակարգող պետական յանձնաժողովին աջակցութեամբ:
Ի տարբերութիւն ժամանցային եւ տեղեկատուական-ճարտարութեան միջոցով լսարանին հասանելի էսդրատային երաժշտութեան` դասական երաժշտութիւնը կը պահանջէ լուրջ աջակցութիւն: Մշակոյթի պահպանման եւ զարգացման գործին մէջ անգնահատելի ներդրում կատարած VIVAcell-MTS-ը՝ վեց տարի շարունակ ստանձնած է նուագախումբի գլխաւոր գործընկերոջ առաքելութիւնը: Հայաստանի հեռահաղորդակցութեան առաջատար ներկայացուցիչը այդ ընթացքին նուիրաբերած է 1 645 000 000 դրամ` ֆիլհարմոնիքի գործունէութիւնը առաւել արդիւնաւէտ եւ անխոչընդոտ դարձնելու համար: Ընկերութեան դերը մեծ է նաեւ նուագախումբի համերգներուն վերաբերեալ երաժշտասէր հանրութիւնը իրազեկելու գործին մէջ: