Հեղինակաւոր GEO ամսագիրի յաջորդ՝ Դեկտեմբերի համարի հիմնական թեման կը վերաբերի Հայաստանին:
Յայտնի լրագրող Տմիթրի Կուպին «Հայաստան. ապագայի դասեր» խորագիրը կրող յօդուածին մէջ կը պատմէ, Հայաստան կատարած ճանապարհորդութենէն իր տպաւորութիւններուն մասին` շեշտը յատկապէս դնելով Հայաստանի մէջ իրականացող կրթական ծրագիրներու եւ առկայ կրթական ներուժի վրայ։ Այս մասին կը տեղեկացնէ «Հայաստանի զարգացման նախաձեռնութիւններ» հիմնադրամի (IDEA) հանրային կապերու բաժինը:
«Դասական Հայաստանը, ինչպէս կը գրէր Օսիբ Մանտելշթամ, քարէ տանիքներով եկեղեցիներու եւ «խռպոտ օքրայի» գոյնի լեռներու երկիրը, անսպասելիօրէն կը դառնայ … դպրոցներու երկիր: Ի՞նչ կը սորվեցնեն այնտեղ. Ապագան», կը գրէ հեղինակը:
Հրապարկման մէջ ան մասնաւորաբար կ՛անդրադառնայ UWC Դիլիճան քոլէճին եւ «Թումո» ստեղծարար ճարտարագիտութիւններու կեդրոնին` եզրակացնելով, որ «Հայաստանը մեզի կը զարմացնէ 25 տարի յետոյ»:
Նշենք, որ ռուսաստանցի լրագրողներու այցը կազմակերպուած էր «Հայաստանի զարգացման նախաձեռնութիւններ» (IDeA) հիմնադրամին կողմէ, որուն ընթացքին անոնք ծանօթացած էին Հայաստանի զբօսաշրջային հնարաւորութիւններուն, ինչպէս նաեւ հիմնադրամին կողմէ իրականացուող ծրագիրներուն: