Կիրակի, 09. 02. 2025

spot_img

«Վերջին Եօթ Տարուան Մէջ Հայկական Բնագրային 26 Տառատեսակներ Ստեղծուած Են». Է. Ղաբուզեան

Հայաստանի ազգային գրապալատի հայկական տառատեսակներու մշակման եւ պահպանման բաժինը, վերջին եօթ տարուան ընթացքին ստեղծած է հայկական բնագրային 26 տառատեսակներ: Panorama.am-ի հետ զրոյցի ընթացքին Հայաստանի ազգային գրապալատի հայկական տառատեսակներու մշակման եւ պահպանման բաժնի վարիչ Էդիկ Ղաբուզեան ըսած է, որ 26 տառատեսակն ալ եունիքոտ (Unicode) համակարգի մէջ մշակուած է, կարելի է օգտագործել զանոնք որեւէ տպագրութեան եւ կայք-ձեւաւորման համար:

«Որակով, բնական տառատեսակներ են», նշած է ան:

Էդիկ Ղաբուզեանի խօսքով, իրենց առջեւ դրուած է յստակ առաջադրանք` տարեկան երեք տառատեսակ ստեղծել, սակայն իրենք աւելին կ՛ընեն. «Եօթ տարուան մէջ 26 տառատեսակներ ստեղծած ենք: Այս տարուան մէջ ալ հինգ տառատեսակներ ստեղծած ենք»:

Ան նշած է, որ ամենակիրառելին GHEA Mariam եւ GHEA Grapalat տառատեսկաներն են, որոնք ընդունուած են պետական համակարգի մէջ որպէս պարտադիր տառատեսակներ: Պետական համակարգի մէջ որեւէ նամակային շրջանառութիւն կը կատարուի այդ տառատեսակներով, կը գործածուին նաեւ գեղարուեստական գրականութիւն տպելու համար, գովազդային պաստառներու վրայ:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին