Աշխարահռչակ երաժիշտ ու խմբավար Վարդան Մելքոնեանի «Տրէյք Բասսէճ» համանուագը հնչեց Քազինո Տիւ Լիպանի Բեմէն: Ներկայացումը երախտագիտութիւն եւ շնորհակալութիւն յայտնելու լաւագոյն առիթն էր Հայոց Ցեղասպանութենէն վերապրող փոքրիկներուն հոգատար «մամա»-յին՝ Մարիա Ճէյքպսընին:
Մշակութային աննախընթաց այս ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի կեդրոնակական մարմնին եւ Պաալպեքի Միջազգային Փառատօնի վարչութեան գործակցութեամբ, երէկ՝ Հինգշաբթի, 19 նոյեմբեր 2015, երեկոյեան ժամը 8:30-ին, Քազինօ տիւ Լիպանի սրահին մէջ, որպէս եզրափակիչ ձեռնարկ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած նախաձեռնութիւններուն:
Ձեռնարկը իր ներկայութեամբ կը պատուէր Մեծի տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Արամ Ա., Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Պատրիարք-Կաթողիկոսի ներկայացուցիչ՝ Գերապայծառ Մանուէլ Եպս.Պաթաքեան, Մերձաւոր Արեւելքի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Միութեան Նախագահ Վերապատուելի Մկրտիչ Գարակէօզեան , Լիբանանի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան Դեսպան Աշոտ Քոչարեան, Պելճիքայի, Աւստրիոյ, Գերմանիոյ, Սլովաքիոյ եւ Ուրուկուէի դեսպանները:
Ներկայ էին նաեւ Լիբանանի պետական անձնաւորութիւններ ու Հայկական կուսակցութիւններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներ ինչպէս նաեւ մեծ թիւով մշակութասէր հանրութիւն մը:
Ձեռնարկին բացման խօսքով հանդէս եկաւ Պաալպեքի Միջազգային Փառատօնի նախագահ Նայիլա Տէո Ֆրէյճը: Ան ողջունեց ներկաները եւ ըսաւ, թէ այս իւրայատուկ հանդիսութիւնը տեղի կ’ունենայ ի պատիւ ու շնորհիւ այն հայուն, որ որբանոցէն ու Պէյրութի փողոցներէն փրկուեցաւ շնորհիւ իր քաջութեան, կամքին ու երաժշտութեան ուժին: Ան նշեց, թէ ձեռնարկը նուիրուած է յոյսի եւ օրինակելիութեան, մանաւանդ այս օրերուն երբ բարբարոսութիւններու հետեւանքով փոքրիկներ կը կորսնցեն իրենց մանկութիւնն ու խաղաղ աշխարհը:
Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի Կեդրոնակական Մարմնին անունով ելոյթ ունեցաւ Տիկ. Սեդա Խտըշեան: Ան բարի գալուստ մաղթեց բոլորին, ապա ըսաւ, թէ յոյսը անհրաժեշտ է
ապրելու ու դիմագրաւելու կեանքի բոլոր դժուարութիւնները, ինչպէս նաեւ ուժը՝ փոխելու կեանքը դէպի վսեմն ու գեղեցիկը:
«Այսօր բախտաւոր պէտք է զգանք, որովհետեւ մասնակից պիտի ըլլանք երաժշտական ստեղծագործութիւններու հիասքանչ ներակայացման ու կատարման», ըսաւ ան, ապա հրաւիրեց ՄԱԿի Մարդկային Իրաւունքներու Բաժանմունքի Լիբանանի պատասխանատու Ապտ Էլ Սալամ Սիտ Ահմէտը, որ անդրադարձաւ, թէ ներկայ պայմաններուն մէջ ինչքան փոքրիկներ զրկուելով իրենց մանկական իրաւունքներէն ինկած են փողոց: Ան ըսաւ, թէ «զարգացած երկիրներու մէջ անգամ կարելի է հանդիպիլ անպաշտպան ու անտէր լքուած մանուկներու, որոնց մէկ մասին համար փողոցը իրենց աշխատանքի միակ վայրն է, իսկ ոմանց համար ալ, իրենց միակ աշխարհը» : Ան նաեւ նշեց այն վտանգները, որոնք կրնար սպառնալ փոքրիկներուն: Ապա ան կոչ ուղղեց բոլոր մարդասիրական կազմակերպութիւններուն՝ պահել փոքրիկները եւ անոնց հետ շփուիլ առանց խտրութիւն դնելու սեռի, ազգի, գոյնի ու լեզուի: «Բոլոր կազմակերպութիւնները պարտաւոր են հոգալ մանուկները ու ապահովել անոնց հանգիստ մթնոլորտ» եզրափակեց ՄԱԿի պատասխանատուն:
Ելոյթ ունեցաւ նաեւ Վարդան Մելքոնեան: Ան իր ուրախութիւնն ու գոհունակութիւնը յայտնեց բոլոր ներկաներուն իրենց ներկայութեան ու մասնակցութեան համար ձեռնարկին: Ան յայտնեց, թէ լաւագոյն պահն է խօսելու անձնաւորութեան մը մասին ու երախտապատ ըլալու անոր, որ իր երկրին հանգիստը ձգելով, անցած է մութ ու սեւ երկրամաս: Ան անձնուրաց նուիրուեցաւ Հայ որբերու հոգատարութեան ու մեծ սիրով լծուեցաւ անոնց խնամքին:
Վարդան Մելքոնեան նկարագրեց իր առաջին հանդիպումը Մարիա Ճէյքպսընին հետ Թռչնոց Բոյնին մէջ, երբ Մարիան ծունկի գալով կը պարուրէ 3 ամեայ Վարդանը: «Մարիա մամային շնորհիւ եղաւ իմ մուտքս երաժշտութիւն». ըսաւ Վարդան Մելքոնեան: Ապա պատմեց, թէ ինչպէս պատանեկութիւնը անցուցած է Պէյրութի փողոցները աշխատելով ու երգելով, բայց միշտ ալ չմոռնալով այցելել իր մաման՝ Մարիան:
Վերջապէս կը կատարուի հրաշքը, երբ տաղանդաւոր տղան կը հասնի Անգլիա ու տքնաջան ու յամառ աշխատանքով ինքզինք կը թրծէ որպէս երաժիշտ ու կը դառնայ խմբավարներէն մին՝ Արքայական ֆիլհարմոնիք Նուագախումբին:
Վարդան Մելքոնեանիսքանչելի խմբավարութեամբ Պէյրութի ֆիլհարմոնիք նուագախումբը երաժշտական ծրագրի առաջին մասով ներակայացուց Արամ Խաչատուրեանի «Ուալթզ»-ը, Պեթհովընի «6-րդ համանուագը» եւ Ֆէյրուզի ու Ռահպանիի «Լուսինը եւ ես դրացիներ ենք» Վարդան Մելքոնեանի կողմէ վերամշակուած երաժշտութիւնը:
Ծրագրին երկրորդ բաժինով Վարդան Մելքոնեան ներկայացուց «Drake Passsage» համանուագը, որ իր չորս մասերով նուիրուած էր Մարիա ճէյքպսընին: Չորս բաժիններէ բաղկացած այս համանուագը իր մեղեդիներու քաղցրութեամբ, խոր ու յստակ ելեւեջներով հանդիսատեսին առջեւ բացաւ մէկ կողմէն յարափոփոխ պատկերներ մարդկային քաղցր սրտի մը անմնացորդ սէրէն ու նուիրումէն, հոգածութենէն ու խնամքէն, իսկ միւս կողմէն տարաւ հոն, ուր Եղեռնէն փրկուածներու կեանքի դաժան պայքարը կը մղուէր, պոռթկումը, կեանքին կառչելու կամքն ու յոյսը վաղուան լաւ օրուան, եւ ասոնց լաւագոյն վկան էր խմբավարը Անգլիոյ արքայական ֆիլարմոնիք նուագախումբին՝ Վարդան Մելքոնեանը:
Աւարտին՝ Արամ Ա. Վեհափառը դրուատեց Մարիա Ճէյքպսընի կեանքն ու գործը եւ Հայ ժողովուրդին մատուցած անփոխարինելի օգնութիւնը՝ Սուրբի համազօր էակ կոչելով Հայ որբուկներուն «Մաման» (Վեհափառ Հայրապետին խօսքը ամբողջութեամբ կու տանք յաջորդիւ):
Իր խօսքին աւարտին, Արամ Ա. Վեհափառ Վարդան Մելքոնեանի կուրծքը զարդարեց «Մեսրոպ Մաշտոց» մետալով:
Ձեռնարկը իր աւարտին հասաւ յուզիչ տեսարանով մը, ուր Թռչնոց Բոյնի Փոքրիկներու ընկերային ծառայութիւն մատուցող Վարդան Մելքոնեանի դուստրը բեմ բարձրացաւ Թռչնոց Բոյնի փոքրիկ ներկայացուցիչներով ծաղկեփունջ մատուցելու մեծ Խմբավարին: