Ուրբաթ, 18. 04. 2025

spot_img

Քսաններու Ուշացած Խաղը Փճացուց Տաք Կերակուրին Աղը

*ՀԱՄԲԻԿ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ*

Վերջերս Թուրքիոյ Միջերկրական ծովու մերձակայ քաղաք Անթալիոյ մէջ տեղի ունեցաւ՝  տնտեսապէս հզօր «Քսաններու Խմբակ»ին ժողովը երկօրեայ վրայ՝ 15 եւ 16 Նոյեմբերին, ուր ընդհանրապէս տնտեսական հարցեր քննարկելու իրենց առաքելութեան մէջ, քսան մեծեր քննարկեցին նաեւ աշխարհի վրայ փոթորկող  ահաբեկչութեան պարագան, որ օրերս կը զբաղեցնէ աշխարհը, նամանաւանդ Լիբանանի եւ մասնաւորաբար Ֆրանսայի մէջ կատարուած արիւնալի դէպքերէ վերջ, որոնք խլեցին հարիւրաւոր անմեղ կեանքեր:

Գագաթաժողովի աւարտին հետաքրքրական էր «Քսաններ»էն բխած կոչը, ուր կ’ակնարկուէր «Ահաբեկչութեան ֆինանսաւորման աղբիւրները ցամքեցնել»ու տրամադրութեան մասին…: Յայտարարուած կոչի կողքին նաեւ հաղորդագրութեան մէջ կը նշուէր, թէ «Քսաններու Խմբակի անդամ երկիրներու ղեկավարները վճռակամ են՝ Տաէշի եւ անոր ներկայացուցած վտանգին դէմ դնելու» …:

Լա՞նք, թէ խնդանք առնուած այս որոշումին վրայ, երբ ամբողջ աշխարհ գիտէ, որ Տաէշները ինքնածին շարժում մը չէին երբեք, որոնք տարածուեցան արաբական աշխարհէն ներս, Լիպիայէն մինչեւ Իրաք, Սուրիայէն մինչեւ Եգիպտոս ու Եմէն… եւ թէ անոնք անպայմանօրէն ունէին իրենց ծանօթ հաւատարիմ կնքահայրերն ու կնքամայրերը… հովանաւորներն ու պաշտպանները… որոնք տարիներէ ի վեր նեցուկ են իրենց եւ կը խրախուսեն անոնց իւրաքանչիւր արարքը, հոգ չէ թէ անոնց  արարքներէն կը հոսի առատ արիւն եւ իրենց անցած տեղերը կը վերածուին աւերակներու…:

Հնչած հաղորդագրութեան մէջ ուշագրաւ էր այլ հատուած մը եւս, ուր կ’ըսուէր. «Ահաբեկչական արարքները կը խաթարեն միջազգային խաղաղութիւնն ու անվտանգութիւնը»…: Իրա՞ւ… հաւատա՞նք…. «Քսան» մեծեր հիմա՞ միայն անդրադարձան, թէ ահաբեկչական արարքները կը խաթարեն միջազգային խաղաղութիւնն ու անվտանգութիւնը…: Ո՞ւր էին յարգելի մեծամեծները մինչեւ այսօր… անոնք ո՞ւր էին հինգ-վեց տարիներէ ի վեր… ո՞ւր էին երբ մարդանման գազաններ զբաղած էին մարդակերութեամբ՝ երբ մարդու սիրտ անգամ կը ճաշակէին նախանձը շարժելով բորենիներու վոհմակներուն…:

Ամենահետաքրքրականը՝ հինգ-վեց տարիներէ եւ նոյնիսկ անկէ առաջ ալ կատարուող ահաբեկչական արարքները, միթէ՞ կը կատարուէին ձիթենիի ճիւղերով… ո՞վ ահաբեկիչներուն կը հայթայթէր զէնք ու զրահ… ռումբ ու հրասայլ: Հաւկոյր պէտք չէ ըլլալ հաւատալու համար հնչող խօսքերուն եւ քաղաքական արձագանգներուն:

Գագաթաժողովի ընթացքին անկասկած որ հնչեցին կարգ մը հեղինակաւոր մեծերու խօսքեր եւս, որոնց մէջ ուշագրաւ էր նամանաւանդ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի դիպուկ արտայայտութիւնը: Ան ակնարկելով ժողովականներուն ըսաւ. «Ահաբեկչութիւնը կը ֆինանսաւորեն 40 երկիրներ, որոնց շարքին «Քսաններու Խմբակ»ի վեհաժողովին մասնակից երկիրներ»…: Ասկէ աւելի շառաչուն ապտակ կ’ըլլա՞ր…: Փութին լաւապէս ուսումնասիրելէ ետք ահաբեկիչներու ինքնութիւնը, պատկանելիութիւնը եւ անոնց հովանաւորներն ու զիրենք ֆինանսաւորողները, առանց բառերը ծամծմելու ըսած էր իր համարձակ խօսքերը, անկիւնաւորելով կարգ մը ղեկավարներ, նախագահներ ու արքաներ, որոնք կարծես օդափոխութեան եկած ըլլային: Օրինակ անոնց մէջ Սէուտական Արաբիոյ թագաւորին կեցութեան ծախսը գնահատուեցաւ 18 միլիոն տոլար: Միա՛յն…:

Նոյն ժողովի ընթացքին մտածումի տեղ կու տայ Թուրքիոյ նախագահին խօսքը, երբ ան ակնարկելով միջազգային խաղաղութեան ու ահաբեկիչներու դէմ պայքարին, բարձրաձայնեց ակնարկելով, թէ «Պաշշար Ասատ Սուրիոյ ապագային մէջ տեղ չունի»… առանց մտահան ընելու, որ ինք ինչպիսի՞ տխուր դերեր խաղաց Սուրիան տկարացնելու, հոն բազմահազար ահաբեկիչներ առաքելու, Սուրիական եւ Իրաքեան նաւթը սեփականացնելու, Սուրիայէն արտագաղթած գաղթականները դէպի Եւրոպա ճամբելու գործարքներուն մէջ, եւ հիմա կը բարձրաձայնէ պիղատոսանման:

Հիմա, որ Լիբանանն ու Ֆրանսան կը փորձեն ամոքել ստացած վէրքերը, Պըրժ Էլ Պարաժնէի եւ Փարիզի ահաբեկչութիւններէն ետք, Ռուսաստանի ներկայութիւնը Սուրիոյ մէջ եկաւ փոխելու մինչեւ օրս գոյութիւն ունեցող խաղի կանոնները եւ անգամի մը համար ցոյց տալու աշխարհին, թէ ինչ որ տեղ այս աշխարհին հարկաւոր է այլեւս հաւասարակշռութիւն…: Արեւմտեան պետութիւններ, որոնք գրեթէ հինգ տարիներէ ի վեր լռելեայն համաձայն էին Արաբական կարգ մը երկիրներու ժողովրդավարացման գաղափարին՝ յեղափոխութիւններու կամ իրենց փափաքած ճանապարհով, շատ յաճախ զարտուղի ընթացքով ալ… համոզուեցան, թէ իրենց պատկերացուցած ժողովրդավարութիւնը եւ սպանութիւններու, քաղաքներու կործանման ու միլիոնաւոր մարդկանց զանգուածային տեղահանութեան գործընթացը բոլորովին ուրիշ ժողովրդավարութիւն էր, որ ձախողեցաւ իր սաղմին մէջ, որուն ափսոս որ զոհ գացին հարիւրհազարաւոր մարդիկ…:

Երբ կ’ակնարկենք «Քսաններու Խմբակ»ին ուշացած որոշումներուն, «Ահաբեկչութեանց ֆինանսաւորման աղբիւրները ցամքեցնելու» կապակցութեամբ, օրերս ստուգուելէ ետք Եգիպտոսի Շարմ Էլ Շէյխ շրջանէն օդ բարձրացած ու ականահարուելով ինկած ռուսական օդանաւի դէպքը, Ռուսաստանի նախագահ Փութին իրազեկ դառնալէ ետք օդանաւի կործանման մանրամասնութեան ըսաւ. «Սինայի մէջ մեր մարդոց սպանութիւնը ամենաարիւնալի յանցագործութիւններէն է… մենք չենք չորցներ արցունքները՝ մեր սիրտերուն ու հոգիներուն մէջ… անոնք կը մնան մեզի հետ ընդմիշտ, սակայն այդ մեզի չի խանգարեր գտնելու եւ պատժելու յանցագործները:
Մենք այդ կ’ընենք առանց վաղեմութեան ժամկէտերու…։
Մենք պէտք է ճանչնանք յանցագործները անուն առ անուն…։
Մենք կը փնտռենք ու կը գտնենք զանոնք, ուր ալ որ թաքնուած ըլլան, աշխարհի ցանկացած կէտի վրայ կը գտնենք ու կը պատժենք… իսկ Սուրիոյ մէջ ռուսական ռազմական օդային գործողութիւնները ոչ թէ պարզապէս կը շարունակուին, այլ կ’ուժեղացուին, որպէսզի յանցագործը հասկնայ , թէ հատուցումը անխուսափելի է… ես անձնապէս կը հետեւիմ ռազմական օդային, ինչպէս նաեւ յանցագործները գտնելու եւ պատժելու գործողութիւններուն:
Մենք կը գործենք ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան 51-րդ յօդուածի համաձայն, որ պետութիւններու համար կը նախատեսէ ինքնապաշտպանութեան իրաւունք:
Անոնք  որոնք կը փորձեն համագործակցիլ յանցագործներու հետ՝ պէտք է իմանան, որ այդպիսի հովանաւորութեան հետեւանքները լիովին կը ծանրանան իրենց իսկ ուսերուն»:

Շատ բան կու գայ հասկցնել Փութին ժողովի մասնակիցներուն: Ահաբեկչութիւնը սկսաւ տարածուիլ աշխարհով մէկ, ան իրապէս չունի դէմք ու պատկանելիութիւն: Ան մարդկութեան եւ Աստուծոյ դէմ մեղանչում մըն է, կը մնայ անդրադառնալ, գիտակցիլ եւ շարժիլ: «Քսաններու Խմբակ»ին մէջ տակաւին կան պետութիւններ, որոնք լուրջի չեն առած տիրող կացութիւնը եւ կը ֆինանսաւորեն կամ կը խրախուսեն ահաբեկիչները, դարձած լարախաղաց քաղաքագէտներ, վնասելով աջ ու ձախ:

Զարմանալի է, որ անոնք տակաւին կը յամենան դիրքորոշուելու, պարզապէս կը սպասեն հաշիւներ մաքրագործելու: Սակայն այդպիսիք պէտք չէ մոռնան, որ ահաբեկչութիւնը օր մըն ալ կրնայ բախել իրենց դռները… ուստի նպատակայարմար է, որ այդպիսիք գնահատեն ստեղծուած պահը եւ հրաժարին տաք շագանակը բռնել ձեռքով…: Եթէ մեծեր կը խուսափին երրորդ համաշխարհային պատերազմէ, կատարուող ահաբեկչական արարքները պատերազմի գետին պատրաստելու գործընթացներ են իրենց տարողութեամբ: Ականջ տանք ոտնաձայներուն: Այս եւ նման ժողովներ եթէ կանխամտածուէին տարիներ առաջ… կը խնայուէին հազարներու կեանքերը: Միջազգային ընտանիքը արդեօք ե՞րբ պիտի ունենայ միակամ կեցուածք…: Սպասենք…:

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին