Կը նախատեսուի Ջաւախքի մէջ բանալ ԹՈՒՄՕ ստեղծարար արհեստագիտութիւններու կեդրոն: Ծրագիրի իրագործման համար այժմ առաջնահերթ խնդիրը կեդրոնի համապատասխան շէնքի ընտրութիւնն է: Այս մասին 16 Նոյեմբերին յայտարարած է ԹՈՒՄՕ ստեղծարար արհեստագիտութիւններու կեդրոնի գլխաւոր տնօրէն Մարի Լու Փափազեանը՝ «Ջաւախքին աջակցութիւն» հիմնադրամի առաջին հաշուետու նիստի ժամանակ:
«Կեդրոնի ստեղծման համար մեր նախատեսած երկու շէնքերը փլատակ վիճակի մէջ են, եւ մեծ աշխատանք կը պահանջուի զանոնք բարեկարգելու համար: Մօտաւորապէս երկու տարի անհրաժեշտ պիտի ըլլայ վերանորոգման, նաեւ կահոյքով, համակարգիչներով եւ այլ արհեստագիտական պարագաներով ապահովելու համար», մանրամասնած է Փափազեան:
Կեդրոնը պիտի ըլլայ Ախալքալաք քաղաքին մէջ: Պիտի ընտրուի այնպիսի տարածք, որ յետագային ընդլայնելու հնարաւորութիւն ունենայ, եթէ կեդրոնին մէջ սորվիլ ցանկացողներու թիւը նախատեսուած 900ը գերազանցէ:
Աշակերտները պիտի յաճախեն տարբեր հերթափոխներով, որովհետեւ բոլորին միաժամանակ ընդունիլ հնարաւոր չէ: Փափազեանի խօսքով պիտի տեղծուին բոլոր հնարաւոր պայմանները, որպէսզի կեդրոնը հասանելի ըլլայ ոչ միայն Ախալքալաքի, այլեւ շրջանի գիւղերու երախաներուն համար: Անոնց պիտի ապահովեն երթեւեկութեան միջոցներով եւ այլ յարմարութիւններով: Կեդրոնին մէջ կրնան ուսանիլ 12-18 տարեկան բոլոր ցանկացողները առանց բացառութեան:
«Մեր առաքելութիւնն է պատրաստել անհատներ, որոնք պիտի ըլլան մրցունակ, ինքնավստահ եւ օգնել անոնց բացայայտելու իրենց ստեղծագործական ներուժը: Առաջին երկու ամիսը կարելի է համարել ընդհանուր ունակութիւններու զարգացման շրջան, երբ նորեկը կը ծանօթանայ միջավայրին եւ ուսուցման պայմաններուն, կը ստանայ ընդհանրական գիտելիքներ: Յետոյ կողմնորոշուելով իր նախընտրութիւններու գծով, կ՛ընտրէ յստակ ուղղուածութիւն եւ կը խորացնէ հմտութիւնները այդ բնագաւառին մէջ», ըսած է կեդրոնի գլխաւոր տնօրէնը:
ԹՈՒՄՕ կեդրոնը անվճար արտադպրոցական ծրագիր է, ուր 12-18 տարեկան պատանիներ կ՛ուսանին սեփական յանձնառութեամբ: Առաջին ԹՈՒՄՕն ստեղծուած է Երեւանի մէջ Սեմ եւ Սիլվա Սիմոնեաններու նախաձեռնութեամբ` Սիմոնեան կրթական հիմնադրամի կողմէ եւ իր դռները բացած է աշակերտներու առջեւ 14 Օգոստոս 2011ին: Կեդրոնական դրամատան «Գիտելիք յանուն զարգացման» ծրագրի շնորհիւ, Փետրուար 2013էն ԹՈՒՄՕն կը գործէ նաեւ Դիլիջանի մէջ (մօտ 300 ուսանողով): ԹՈՒՄՕ-ՀԲԸՄ գործակցութեամբ Մայիս 2015ին նաեւ բացուեցաւ Կիւմրիի ԹՈՒՄՕ կեդրոնը։ 2 Սեպտեմբեր 2015ին ԹՈՒՄՕ կեդրոն բացուեցաւ Արցախի մայրաքաղաքին մէջ:
Գործակցութիւնը միտում ունի տարածել ԹՈՒՄՕն Հայաստանի այլ քաղաքներու, ինչպէս նաեւ արտասահմանի մէջ:
ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեան Հոկտեմբեր 20ին Լոռիի մարզպետին եւ մարզպետարանի պատասխանատուներուն մասնակցութեամբ խորհրդակցութեան ժամանակ յայտնեց, որ ԹՈՒՄՕ ստեղծարար արհեստագիտութիւններու կեդրոն պիտի բացուի նաեւ Վանաձորի մէջ: