Ուրբաթ, 13. 06. 2025

spot_img

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Հայ Սրբանկարչութեան Դասընթացքի Հետեւողներուն Հետ

Երկուշաբթի, 16 Նոյեմբեր 2015-ի երեկոյեան, Վեհափառ Հայրապետը հանդիպում մը ունեցաւ հայ սրբանկարչութեան դասընթացքի հետեւողներուն հետ։ Այս երկրորդ տարին է, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Կիլիկիա» Թանգարանը, հայ սրբանկարչութեան յատուկ դասընթացք կը կազմակերպէ Կաթողիկոսարանէն ներս, Հայր Յովսէփ Վրդ. Աշգարեանի ուսողութեամբ։ Այս տարի եւս աշակերտներ պիտի ծանօթանան հայ սրբանկարչութեան արուեստին եւ գործնապէս պիտի սորվին սրբանկարներ պատրաստելու արուեստը:

Վեհափառ Հայրապետը իր հայրական խօսքը ուղղելով դասընթացքի հետեւողներուն, նախ գնահատեց անոնց ունեցած սէրն ու նուիրումը հայ սրբանկարչութեան նկատմամբ։ Ան ընդհանուր գիծերով բացատրեց սրբանկարներուն աստուածաբանական խորքն ու իմաստը և հայ եկեղեցւոյ մօտեցումը թէ՛ իքոններու և թէ՛ սրբանկարներու նկատմամբ։

Վեհափառ Հայրապետը գնահատեց Հայր Յովսէփ Վրդ. Աշգարեանին ցուցաբերած նախանձախնդիր աշխատանքը։ Ապա Նորին Սրբութիւնը աւելի մօտէն ծանօթացաւ դասընթացքի հետեւող աշակերտներուն աշխատանքին։

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին