Ինչպէս կը յայտնէ «Տիճլէ» լրատուական գործակալութիւնը, Վանի քաղաքապետարանը քաղաքի մշակութային գոյքացուցակը կազմելու ուղղութեամբ՝ սկսած է աշխատանքներ կատարել: Այս աշխատանքներու ծիրէն ներս արձանագրուած է Շախուրփ մատուռը, Աղընի դիտաշտարակը եւ Ինքիօ եկեղեցին, որոնք մինչեւ այժմ չեն արձանագրուած:
Վանի քաղաքապետարանի Հետազօտութիւններու եւ նախագիծերու վարչութիւնը, քաղաքի մշակութային գոյքացուցակը յայտնաբերելու եւ ապագայ սերունդին փոխանցելու համար կարեւոր աշխատանքներ սկսած է: Հիմք ունենալով արխիւային եւ աղբիւրագիտական հետազօտութիւններէն ձեռք բերուած տեղեկութիւններն ու Վանի շրջանի պաշտպանութեան խորհուրդի գրանցամատեանը` կատարուած աշխատանքներուն վերաբերեալ, քաղաքի մշակութային ժառանգութեան շուրջ ընթերցումներ կազմակերպուած է: Մասնագէտները քաղաքի պատմութեան համար կարեւոր նշանակութիւն ունեցող նախագիծին վերաբերեալ աշխատանքներ կատարած են, որոնց ծիրէն ներս կազմուած է քաղաքի «Անշարժ գոյքի ցուցակի արձանագրութեան քարթը»: Անշարժ մշակութային ժառանգութեան GPS համակարգերը վերցնելով` կատարած են թուային տուեալներու արձանագրութիւն, որ անհրաժեշտ է իւրաքանչիւր անշարժ գոյքի համար:
Քաղաքապետարանը արձանագրած է այն կոթողները, որոնք անցեալին չէին արձանագրուած
Վանի քաղաքապետարանի Հետազօտութիւններու եւ նախագիծերու վարչութիւնը աշխատանքներ կատարած է՝ Կեւաշ գաւառի Սելճուքլու գերեզմանատան, Հալիմէ Հաթուն դամբարանին, Յիշեթ ամրոցին, Իզզեթթին Շիր մզկիթին եւ մետրեսէին մէջ, այդ նոյն գաւառի Կեորիւնտու գիւղի եկեղեցւոյ, Հասպէյ մատուռին, Սուրբ Աստուածածին (Քըրմըզը) եկեղեցւոյ, Ալթընսաչ գիւղին մէջ գտնուող եկեղեցւոյ, Ալթընսաչ գիւղի Վարիս վայրին` լիճի ափը գտնուող եկեղեցւոյ, Ինքիօ եկեղեցւոյ, Սուրբ Թովմաս վանքին, Աղթամարի Սուրբ Խաչ վանքին եւ գերեզմանատան մէ, Աղընի դիտաշտարակին եւ բնակավայրին, Տեւեպոյնու վանքին, Սուրբ Էթիեն վանքին եւ Շախուրփ վանքին մէջ: Մասնագէտները 16 մշակութային կոթողի մէջ` 4 վանք, 3 եկեղեցի, 2 մատուռ, 1 բնակավայր, 2 գերեզմանոց, 1 դամբարան, 1 ամրոց եւ 1 մզկիթ, աշխատանքներ կատարած են, իսկ ընդհանրապէս չգրանցուած Ինքիօ եկեղեցւոյ, Աղընի դիտաշտարակի եւ Շախուրփ մատուռի գրանցման համար պատրաստած են թղթապանակներ, որոնք պիտի ներկայացնեն Վանի շրջանի մշակութային կողոթներու պահպանութեան խորհուրդին:
Կատարուած աշխատանքները լոյս պիտի տեսնեն գիրքի մէջ
Բացի կատարուած աշխատանքներէն եւ Վանի անշարժ մշակութային ժառանգութեան գոյքացուցակէն, ցայժմ չարձանագրուած կոթողներուն վիճակը որոշելէ եւ անյայտ կոթողները հաստատելէ ետք` Վանի շրջանի մշակութային կողոթներու պահպանութեան խորհուրդին պիտի ներկայացնեն այն կոթողներու թղթապանակը, որոնք ցայժմ չեն արձանագրուած: Մասնագէտները դարձեալ կատարուող աշխատանքներու ծիրէն ներս, պիտի լուսանկարեն եւ չափագրեն քաղաքապետարանի կողմէ արձանագրուած կոթողները: Բացի այդ աշխատանքներուն ընթացքին յայտնաբերուած կոթողները տեղ պիտի գտնեն հնագիտութեան եւ արուեստի պատմութեան գրականութեան մէջ: Կը նախատեսուի անշարժ մշակութային կոթողներու գոյքացուցակն ու քաղաքի մշակութային ժառանգութիւնը գիտական ծիրէ ներս քննել եւ վերածել գիրքի, որ հիմնարար աշխատութիւն կ’ըլլայ քաղաքի վերաբերեալ հետազօտութիւններու մէջ: Վան այցելած զբօսաշրջիկներուն` քաղաքի վերաբերեալ գրքոյկներուն հետ մէկտեղ՝ ան ընդգրկուն եւ լուսանկարներով հարուստ աշխատութիւն մը կ’ըլլայ, որմէ կարելի է օգտուիլ:
Ի յայտ պիտի բերեն բոլոր պատմական կոթողներու վիճակագրական տեղեկութիւնները
Վանի քաղաքապետարանի Հետազօտութիւններու եւ նախագիծերու վարչութիւնը աշխատանքային ծրագիր մը պատրաստած է, որ պէտք է իրագործել 2 տարուան ընթացքին: Նախատեսուող շարք մը գիտական աշխատանքներու համար, անշարժ մշակութային կոթողներու գոյքացուցակներու տուեալներու հիմք պիտի ստեղծուի: Ցայսօր անհասանելի կոթողներու վիճակագրութիւնը, հաստատուած եւ արձանագրուած կոթողներու ցանկն ու գոյութիւն ունեցող կոթողներու վիճակագրութիւնը՝ հասանելի պիտի դառնան բոլորին: Բացի այդ GPS ծրագիրով քաղաքի սահմաններէն ներս գնտուող բոլոր պատմական կոթողները պիտի քարտէզագրուին եւ հասանելի ըլլան բոլորին:
Թարգմանեց Անահիտ Քարտաշեան
Akunq.net