Շաբաթ, 17. 05. 2025

spot_img

«Արցախը Երբեք Ազրպէյճանին Մաս Պիտի Չկազմէ». Բակօ Սահակեան

Արցախը երբեք Ազրպէյճանին մաս պիտի չըլլայ: Այս մասին յայտարարած է նախագահ Բակօ Սահակեան, Regnum լրատուական գործակալութեան մէջ կայացած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին, որ նուիրուած էր Մոսկուայի մէջ Արցախի օրերուն, կը հաղորդէ «Արցախփրես»ը:

«Շարք մը եւրոպական եւ ամերիկեան քաղաքներ ու նահանգներ, որոնց շարքին Լոս Անճելոսը, ինչպէս նաեւ Աւստրալիոյ Նոր Հարաւային Ուէյլզ նահանգը, արդէն ճանչցած են Լեռնային Ղարաբաղի ինքնորոշման իրաւունքը: Ինչ կը վերաբերի պետութիւններու կողմէ ճանչցուելուն, ապա այդ մէկը ժամանակի եւ քրտնաջան աշխատանքի հարց է», նշած է Արցախի նախագահը:

Նախագահ Սահակեանի խօսքով` Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան արտաքին քաղաքականութեան ուղղութիւնը կը կառուցուի ուղղեցուցական եւ պատուասիրական սկզբունքներու վրայ:

«Մենք կը ձգտինք կայուն եւ սերտ յարաբերութիւններ ունենալ բոլոր այն երկրներու հետ, ուր մենք Սփիւռք ունինք», ընդգծած է նախագահը:

Խօսելով սահմանին վրայ տիրող իրավիճակի մասին, նախագահ Սահակեան ընդգծած է, որ ի տարբերութիւն Ազրպէյճանի, ԼՂՀն կը փորձէ ընել ամէն ինչ, որպէսզի նուազի լարուածութիւնը եւ խթանէ միջազգային միջնորդներու ջանքերուն:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին