ԼՂՀ Մարտակերտի շրջանի Վաղուհաս գիւղին մէջ մանկապարտէզ կը կառուցուի:
ԼՂՀ Քաղաքաշինութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան փոխանցմամբ` սկսած են Վաղուհաս համայնքի նախադպրոցական հաստատութեան շինարարութեան աշխատանքները:
Առաջին փուլին կը նախատեսուի իրականացնել շինարարութեան ամրանային գօտիի եւ տանիքի կառուցման աշխատանքները: Աղբիւրին հաղորդմամբ նախադպրոցական հաստատութիւնը պիտի ունենայ բոլոր յարմարութիւնները եւ պիտի համապատասխանէ արդի շինարարական չափանիշերուն:
Կը նախատեսուին նաեւ բարեկարգել տարածքը եւ կառուցել խաղահրապարակ: Շինարարութիւնը կ՛իրականացուի ԼՂՀ պետական պիւտճէի միջոցներով, կապալառուն «Առաքել» ՍՊԸ-ն է:
Այժմ Վաղուհասի մէջ մանկապարտէզի տարիքի 54 երախայ կայ:
Յիշեցնենք, որ Վաղուհասի 240 աշակերտի համար նախատեսուած նորակառոյց դպրոցը, շահագործման յանձնուած էՄայիս 2012ին` «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի դպրոցաշինութեան ծրագրի ծիրէն ներս: