Ուրբաթ, 13. 09. 2024

spot_img

Ս. Փեթերզպուրկի Մէջ Տեղի Ունեցաւ Կոմիտասի Յուշարձանի Բացման Արարողութիւնը

Ինչպէս նախապէս հաղորդած էինք, 6 Նոյեմբերին Ս. Փեթերզպուրկի մէջ տեղի ունեցաւ՝ հայ ազգային դասական երաժշտական դպրոցի հիմնադիր, մեծ երգահան Կոմիտաս վարդապետի յուշարձանի հանդիսաւոր բացման արարողութիւնը, որուն ներկայ էին Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեան եւ ՌԴ հիւսիսային մայրաքաղաքի նահանգապետ Գէորգի Փոլթաւչենքօ: Այս մասին կը հաղորդէ PanARMENIAN.Net-ը:

Մինչ յուշարձանի բացումը նահանգապետ Փոլթաւչենքօ կարեւորելով հայ-ռուսական դարաւոր բարեկամութիւնը, նկատել տուաւ, որ Ս. Փեթերզպուրկի մէջ Կոմիտասի յուշարձանի կանգնեցումը երկու ժողովուրդներու անխախտ բարեկամութեան եւս մէկ վկայութիւնն է` յատկապէս հաշուի առնելով այն հանգամանքը, թէ հայերու համար ինչ դեր ու նշանակութիւն ունի Կոմիտաս վարդապետի անձը:

«Երբեք ալ պատահական չէ, որ Կոմիտաս վարդապետի յուշարձանը կը կանգնի նոյն Վասիլէոսթրովսքի վարչական շրջանին մէջ, քանի որ այստեղ ի սկզբանէ բնակութիւն հաստատած են ու այսօր ալ մեծ թիւով հայեր կ’ապրին: Մշակութային կեդրոն համարուող Ս. Փեթերզպուրկի մէջ, աշխարհահռչակ երգահանի յուշարձանի տեղադրումը նաեւ օրինաչափ է: Կոմիտասը հայ ժողովուրդի հանճարեղ զաւակն է` մարդ, որ աշխարհի բազմաթիւ երկիրներու մէջ քարոզած եւ փառքով պսակած է հայկական երաժշտութիւնը: Անոր մշակոյթը գերած է աշխարհի շատ ու շատ երաժիշտներ»,  նշած է ան:

Ռուսիոյ մէջ ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Օլեգ Եսայան, իր հերթին նախ շնորհակալութիւն յայտնած է Ս. Փեթերզպուրկի կառավարութեան` Կոմիտասի յուշարձանը Ռուսիոյ հիւսիսային մայրաքաղաքին մէջ կանգնեցնելու հարցով ցուցաբերած պատրաստակամութեան համար:

«Պարոն նահանգապետի դիտարկումը իսկապէս տեղին է, Կոմիտասը համաշխարհային մեծութիւն է, եւ անոր արուեստը սահմաններ չի ճանաչնար: Սա երկու ժողովուրդներու դարաւոր ու եղբայրական բարեկամութեան եւս մէկ վկայութիւն է, որ այսօր ալ ամուր հիմքերու վրայ է»,  նշեց Եսայեան:

Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ նաեւ Երեւանի գլխաւոր ճարտարապետ Տիգրան Բարսեղեան:

«Յատկանշական է, որ Հայաստանը խորհրդանշող Մեծ հանճարին նուիրուած յուշարձանի բացման արարողութիւնը, տեղի կ’ունենայ Հայոց Ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցի շրջանակին մէջ: Ան երախտիք է երաժշտահան, ազգագրագէտ, գիտնական, խմբավար, երգիչ, մանկավարժ, հրապարակախօս, բանաստեղծ, հայ դասական երաժշտութեան, ազգային երաժշտահանման դպրոցի հիմնադիրին, որուն անձը հայ ժողովուրդը կը նոյնացնէ հայոց այբուբենը ստեղծած Սբ. Մաշտոցի հետ` երաժշտութեան ասպարէզի մէջ: Մեծն Կոմիտասի արժեւորման միտումով բազմաթիւ հոգեւոր ու նիւթական արժէքներ ստեղծուած են աշխարհի վրայ` գիտական եւ երաժշտական միջավայրի մէջ, յատկապէս աշխարհի հայաշունչ հատուածներու մէջ: Աշխարհի տարբեր երկրներու մէջ տեղադրուած անոր արձաններն ու կիսանդրիները կը վկայեն, որ Կոմիտասը միայն հայկական արժէք չէ, ան համաշխարհային, միջազգային ու համամարդկային է», – նշեց Բարսեղեան:

Վասիլէոսթրովսքի վարչական շրջանի կեդրոնական Քամսքի այգիին մէջ, Երեւանի եւ Ս. Փեթերզպուրկի գործակցութեան ծիրէն ներս կանգնած յուշարձանի բացման արարողութիւնը ուղեկցուեցաւ  աշխարհահռչակ տուտուկահար Ճիւան Գասպարեանի կենդանի նուագակցութեամբ: Այնուհետեւ Հայ Առաքելական եւ Ռուս Ուղղափառ եկեղեցիներու սպասաւորները համատեղ կատարեցին՝ Կոմիտաս վարդապետի յուշարձանի օրհնութեան կարգ: Արարողութեան մասնակիցները ծաղիկներ դրին յուշարձանին:

Կոմիտաս վարդապետի 3,3 մեթր բարձրութեամբ եւ 1,7 մեթր պատուանդանով կրանիտէ յուշարձանի հեղինակը՝ Ռուսաստանի նկարիչներու միութեան անդամ, Ս. Փեթերզպուրկի գեղարուեստա-արդիւնաբերական ակադեմիոյ դասախօս Լեւոն Բէյբութեանն է, ճարտարապետը Մաքսիմ Աթայեանցը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին