*ԳԱՅԻԱՆԷ ՉՈՒՐՃԵԱՆ*
«Սփիւռք» ամառնային դպրոցը հիանալի ծրագիր է, որ մեծ հնարաւորութիւններու, նոր ծանօթութիւններու, նոր գիտելիքներու, հետաքրքրական դասընթացքներու, հանդիպումներու, այցերու եւ շրջագայութիւններու առիթ կը ստեղծէ: Այդ ամէնը մեզի թոյլ կու տայ զարգացնելու մեր ունակութիւնները, աւելի արդիւնաւէտ գործ ընելու թէ՛ Սփիւռքի եւ թէ Հայաստանի մէջ:
«Սփիւռք» ամառնային դպրոցի երիտասարդ առաջնորդերու դասընթացները շատ ճիշդ եւ գրագէտ կազմուած էին եւ, իմ կարծիքովս, այս ամենաանհրաժեշտ ծրագիրն է: Ես, ըլլալով երիտասարդ առաջնորդերու դասընթացներու մասնակից, կ’ուզեմ նշել, որ իւրաքանչիւր երիտասարդ, լաւ կ’ըլլայ, որ իմանայ այն գիտելիքներն ու ունակութիւնները, որոնք մենք ստացանք այս երկու շաբաթներուն ընթացքին:
Շատ կարեւոր կը համարեմ, որ ծրագիրի ծիրէն ներս մենք ունեցանք հանդիպումներ նաեւ՝ Հայաստանի Հանրապետութեան պետական կառավարման համակարգի ղեկավարներուն հետ: Այնչափ տպաւորիչ էր այցը Եռաբլուր, որուն զգացողութիւնները խօսքերով չեմ կրնար փոխանցել, իսկ դէպի Սմբատաբերդ ճանապարհը ուղղակի անկրկնելի էր. ինչպէս հասանք, ինչպէս բարձրացանք դէպի բերդ, իջնելէ յետոյ տեղի գիւղացիներու հիւրասիրութիւնը… այդ ամէնը ուղղակի աննկարագրելի էր:
Երկու շաբաթը կ’ընթանար շատ հետաքրքիր: Հասկնալով, որ ունինք ընդամէնը երկու շաբաթ ժամանակ` մենք մոռցած էինք քնանալու մասին եւ հակառակ անոր, որ օրուան մէջ կը քնանայինք 2էն 3 ժամ, միեւնոյնն է, մեր ուժերը կը բաւէին ամէն ինչի համար, կը հասցնէինք ամէն ինչ համատեղել` եւ՛ սորվիլ, եւ՛ աշխոյժ հանդիպումներ ունենալ, նաեւ դասերէն յետոյ ոտքով շրջիլ մեր սիրելի քաղաք Երեւանի մէջ:
Այդ ժամանակահատուածին նաեւ յաջողեցայ՝ Նովոսիպիրսկի հայ երիտասարդական միութեան կողմէ ցուցաբերել բարեգործական օգնութիւն ընտանիքի մը, որ այժմ կ’ապրի շատ դժուար պայմաններու մէջ, որուն համար շնորհակալ եմ բոլոր անոնց, որոնք օգնեցին ինծի այդ գործին մէջ` տիկին Անահիտ Սահակեանին, Գրետա Մնացականեանին, Հայկ Ենկիպարեանին, որոնք օժանդակեցին այդ գործի իրականացման:
Ուրախ եմ, որ ըլլալով Նովոսիպիրսկի հայ երիտասարդական միութեան բարեգործական ուղղութեան ղեկավար, ես հնարաւորութիւն ունեցայ ձեռք բերելու կապեր այդ ուղղութիւնը զարգացնելու համար:
Ծրագիրի ծիրէն ներս ձեռք բերի նաեւ լաւ ընկերներ, գործընկերներ, որուն համար շատ ուրախ եմ: Բոլոր մասնակիցները աշխարհի տարբեր ծայրերէն եկած կրթուած եւ խելացի երիտասարդներ էին, որոնք հայ ազգի պարծանքն են, որոնցմով այսօր կը հպարտանայ ամբողջ աշխարհ: Թէեւ կ’ապրինք Սփիւռքի մէջ, բայց հայրենասէրի ոգին ամէն վայրկեան կ’ապրի իւրաքանչիւրիս մէջ: Ու ես համոզուած եմ, որ այս երիտասարդներէն իւրաքանչիւրը կը հասնի մեծ բարձունքներու, ու մենք դեռ անոնց գործերուն մասին շատ կը լսենք:
Շատ տպաւորուած եմ ամէն ինչով ու իսկապէս շատ դժուար է բառերով արտայայտել այդ ամէնը: Այնչափ շնորհակալութիւն կը յայտնեմ ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան, յանձինս Հրանոյշ Յակոբեանին այս մեծ եւ օգտաւէտ գործին համար: Կ’ուզեմ շնորհակալութեան խօսքեր ուղղել Նովոսիպիրսկ քաղաքի համայնքի ղեկավարներուն` Ֆրունզիկ Խաչատրեանին եւ Արթուր Խաչատրեանին, որոնց աջակցութեամբ Նովոսիպիրսկ քաղաքի երիտասարդական միութիւնը դարձաւ այս ծրագիրի արդէն մշտական մասնակիցը:
«Սփիւռք» ամառնային դպրոց – 2015 թ.