Կիրակի, 06. 10. 2024

spot_img

Հայկազեան Համալսարանի Հայկական Սփիւռքի Ուսումնասիրութեան Կեդրոն – Թեհրանաբնակ Հայերու Մարտահրաւէրները 21րդ Դարու Սկիզբը

Ներկայութեամբ հոյլ մը լիբանանահայ մտաւորականներու, Սփիւռքի հարցերով մտահոգուող ազգայիններու, բարեկամներու, հիւրերու, խորհրդարանի անդամ Տիար Ժան Օղասափեանի, Լիբանանի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան մշակութային կցորդ Պրն. Դաւիթ Միրզախանեանի եւ Համալսարանի նախագահ Վեր.-Դոկտ. Փօլ Հայտօսթեանի, Հայկազեան Համալսարանի Հայկական Սփիւռքի Ուսումնասիրութեան Կեդրոնի նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցաւ Թեհրանի հայոց նուիրուած շահեկան դասախօսութիւն մը:

Երկուշաբթի, 26 Հոկտեմբեր 2015ի երեկոյեան ժամը 7ին տեղի ունեցած այս դասախօսութեան բացումը կատարեց Կեդրոնի տնօրէն Դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեան, որ համառօտակի ներկայացուց հիւր գիտնականը՝ մասնագիտութեամբ մարդաբան Դոկտ. Ճէյմս Պերին, Տիքին Համալսարանի Քաղաքացիութեան եւ Համաշխարհայնացման Հիմնարկի գիտաշխատող (Մելպուրն, Աւստրալիա): Իր խօսքին մէջ Դոկտ. Տագէսեան մատնանշեց, որ Թեհրանի հայօճախը մաս կը կազմէ Միջին Արեւելքի հայօճախներուն, եւ Միջին Արեւելքի հայերս պէտք է աւելի լաւ գիտնանք մեր անմիջական միջավայրի հայօճախներուն մասին, որպէսզի աւելի համապարփակ կողմնորոշուինք մեր առաջնահերթ եւ երկրորդական մարտահրաւէրներուն դիմաց:

Դոկտ. Պերի շուրջ քառասուն վայրկեան տեւած իր դասախօսութեան մէջ նախ հակիրճ բացատրեց, թէ ինչպէս ինք առնչուած է Հայկական Սփիւռքի ուսումնասիրութեան եւ ինչպէս մանաւանդ նիւթ դարձուցած է իրանահայութիւնը, որ իր դոկտորականի թեզը եղած է 2012ին: Ապա ան համառօտակի խօսեցաւ իրանահայութեան պատմական անցեալին, իրանահայութեան ունեցած նպաստին հայ արուեստի գանձարանին, ընդհանուր վերաքաղ մը ըրաւ վերջին հարիւր տարիներու իրանահայ կեանքի ընթացքին, խօսեցաւ իրանահայ հին ու նոր կեդրոններուն (Թաւրիզ, Իսֆահան եւ Թեհրան) մասին ու ծանրացաւ 21րդ դարու թեհրանահայութեան կենցաղին, եկամուտի ասպարէզներուն (մեքենաներու նորոգութիւն, երաժշտարուեստ, ֆիլմարուեստ, ազատ ասպարէզներ), հայկական առնչութիւններուն, հայկական հանրային վայրերուն, պետութեան հետ յարաբերութիւններուն եւ խորհրդարանին մէջ հայ ներկայացուցիչներուն, հայկական հաստատութիւններուն (եկեղեցի, կուսակցութիւն, միութիւններ), իրանահայ բարբառներու ճակատագրին եւն.:

Յառաջացած հետաքրքրութեան իբրեւ արդիւնք, դասախօսութեան աւարտին ներկաները հարցումներու շարքով մը յաւելեալ լուսաբանութիւններ ուզեցին իրանահայութեան վերաբերող զանազան հարցերու մասին:

Իր այս շահեկան դասախօսութեամբ Դոկտ. Ճէյմս Պերի առիթ յառաջացուց, որ ներկաները Միջին Արեւելքի Սփիւռքը դիտենք իբրեւ մէկ ամբողջութիւն՝ համահայկական Սփիւռքի եւ հայկական համապարփակ տարածքի ծիրին մէջ:

P2340666

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին