Չորեքշաբթի, 26. 03. 2025

spot_img

Իտալիոյ Ռաւեննա Քաղաքը Ճանչցած Է Հայոց Ցեղասպանութիւնը

Իտալիոյ Ռաւեննա (Ravenna) քաղաքը Հոկտեմբեր 22-ին միաձայն ճանչցած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը:

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ եւ տեղեկատուութեան վարչութենէն կը յատնեն, որ Ռաւեննայի Քաղաքային խորհուրդի կողմէ ընդունուած բանաձեւին մէջ կը նշուի, որ հաշուի առնելով Իտալիոյ մէջ հայերու միութեան դիմումը, ինչպէս նաեւ այն հանգամանքը, որ հայերու ողբերգութիւնը որպէս Ցեղասպանութիւն ճանչցուած է ՄԱԿի Մարդու իրաւունքներու ենթայանձնաժողովի, Եւրոպական խորհրդարանի, Իտալիոյ պատգամաւորներու պալատի եւ Հռոմի Պապ Ֆրանչիսկոսի կողմէ (յիշատակելով 2015 թուականի Ապրիլ 12-ին Սուրբ Պետրոս տաճարին մէջ, Հայոց Ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցի առթիւ պատարագի մատուցման ժամանակ անոր ունեցած ելոյթը), Ռաւեննայի քաղաքային խորհուրդը կը ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ իր համերաշխութիւնը կը յայտնէ հայ ժողովուրդին Ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցի առթիւ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին